Շուէտի Լինքէօփինկ համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են կապ մը սթրեսի հորմոնին՝ քորթիզոլի բարձր մակարդակին եւ անոր յաջորդող սրտի տագնապին միջեւ, կը նշէ Scientific Reports ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւն մը:
Գիտնականները վերլուծած են 174 կամաւորներու մազերու նմուշներ, կը յայտնէ MedicalXpress-ը: Մազերը ունեցած են 1-3 սմ երկարութիւն, ինչ որ կը համապատասխանէ 1-3 ամսուան աճին: Բոլոր կամաւորները սրտի կաթուածի պատճառով գտնուած են սրտաբանական հիւանդանոց մը: Մասնագէտները նաեւ օգտագործած են առողջ սրտով աւելի քան 3 հազար կամաւորներու մազերու նմուշները:
Պարզուած է, որ անոնք, որոնք սրտի տագնապ անցուցած են, հիւանդանոց ընդունուելէ ամիս մը առաջ ունեցած են քորթիզոլի վիճակագրօրէն աւելի բարձր մակարդակ մը: Նոյն արդիւնքը արձանագրուած է նաեւ սրտանօթային խախտումներու այլ գործօններու առկայութիւնը հաշուի առնելով, որոնց շարքին՝ արեան բարձր ճնշումը, արեան մէջ լիփիտներու բարձր մակարդակը, ծխելը, շաքարախտը, ժառանգական նախահակուածութիւնը:
Աւելին, յայտնաբերուած է, որ քորթիզոլի մակարդակը տագնապի աւելի լուրջ նախանշան է, քան աւանդական գործօնները:
Գիտնականները առայժմ չեն կրցած բացատրել, թէ հետազօտութեան մասնակիցներուն մօտ յատկապէս ի՞նչը պատճառ կը դառնայ քորթիզոլի մակարդակի բարձրացումին: Ինչպէս արտաքին, այնպէս ալ ներքին ազդեցութիւններու հետեւանք կրնայ ըլլալ սթրեսը, օրինակ՝ այլ հիւանդութիւններու պատճառով: Հետեւաբար, կենսաբանական սթրեսը ոչ միշտ կը համապատասխանէ մարդու հոգեկան վիճակին: