ՏՈՔԹ. ՏԻԳՐԱՆ ԳԱՎԱՖԵԱՆ
Ժողովուրդին մէջ ընդհանրացած այս բառն է, որ կը գործածենք իբր վերնագիր. թէեւ սիաթիք բառը ջիղի մը անունն է պարզապէս. անոր ցաւը բժիշկները կը կոչեն «նեւրալժի սիաթիք», որ կամացկամաց կրճատուած է, ժողովրդական լեզուի մէջ:
Սիաթիքը կը տեսնենք, ընդհանրապէս, երեսուն տարիքը անց անձերու քով: Թէեւ հիւանդը պաղը կամ խոնաւութիւնը պատճառ կը բռնէ իր ցաւերուն, սակայն երբ հարցաքննենք, ընդհանրապէս զայն կը տեսնենք իբր արդիւնք ծանր բան մը շալկելուն կամ սխալ շարժումի մը. ցաւը ճիշդ այդ վայրկեանին է որ կը սկսի: Թէեւ, երբեմն ալ, իրիկունը առանց որեւէ ցաւի պառկող մէկը՝ կրնայ առտուն սիաթիք ցաւերով արթննալ:
Արդէն հիւանդը քանի մը ամիս առաջ կամ նախորդ տարիներուն ընթացքին անցողակի կռնակի ցաւեր ունեցած կ’ըլլայ («լոմպալժի»):
ՍԻԱԹԻՔ ՑԱՒԸ
Ցաւած մասը կռնակէն եւ զիստի ետեւի մասէն կ’իջնէ ծունկ, այնտեղէն հասնելու համար սրունքին ետեւի մասը կամ դուրսի մասը: Ոտքին կրնայ միայն վերի մասը եւ բթամատը ցաւիլ կամ դուրսի մասը եւ միւս մատները (տե՛ս նկարը):
Ցաւին ճիշդ տեղը բժիշկին կ’օգնէ գիտնալու ճշգրիտ այն ջիղը, որ ողնայարի սիւնէն կ’ելլէ եւ որ վնասուած կամ բորբոքած է. յաճախ կը թեթեւնայ երկնցած դիրքին մէջ, սակայն կարգ մը հիւանդներ կրնան, ընդհակառակն, նուազ ցաւ զգալ երբ ոտքի վրայ կենան կամ քալեն: Յարատեւ ցաւը, երբեմն, քանի մը վայրկեանի համար կը սաստկանայ՝ երբ հիւանդը շարժի, ոտքի ելլէ կամ անկողնին մէջ դառնալ ուզէ:
Հիւանդը երբ քննենք՝ պիտի տեսնենք, որ անոր դիրքը կամ կեցուածքը ծուռ է, անոր մարմինը մէկ կողմ կը ծռի: Հիւանդը զօրաւոր կը յենի իր առողջ կողմին վրայ, երբեմն հիւանդ կողմի կռունկը գետնին վրայ իսկ չի հանգչեցներ, վախնալով որ, այդպէս ընելով, ցաւերը կը սաստկացնէ:
Երբ հիւանդը ոտքի կեցնենք եւ անոր ըսենք որ առջեւ, ետեւ կամ կողմնակի ծռի, երեւան պիտի հանենք անոր ողնայարի սիւնին ճկունութեան պակասը:
Փորին վրայ պառկած հիւանդին երբ ողնայարի սիւնին վրայ ճնշենք՝ կարելի է «L5» կամ «S1» ողնին ճնշումով զօրաւոր ցաւ յառաջացնել:
Կռնակի վրայ պառկած եթէ ուզենք հիւանդին ոտքը վեր հանել առանց ծունկը ծալլելու՝ որեւէ դժուարութիւն պիտի չունենանք առողջ կողմին վրայ. իսկ հիւանդ կամ ցաւած կողմը հազիւ քիչ մը վեր վերցուցած՝ հիւանդը շատ զօրաւոր ցաւ պիտի զգայ իր կռնակին վարի եւ մէջտեղի մասը:
Երբեմն մկանները կրնան քիչ թէ շատ նիհարնալ, մանաւանդ երբ սիաթիքը երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունի. մանաւանդ ոտքի դուրսի մասի մկանները, ինչպէս նաեւ՝ սրունքին ետեւին եւ կամ դուրսի մասը գտնուող մկանները:
ՍԻԱԹԻՔ ՑԱՒԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
1- Հարուածէ մը յետոյ կամ երբ ոսկորի բեկում կայ. կրնայ ըլլալ որ, իբր հետեւանք, սիաթիք ցաւեր ըլլան:
2- Երբեմն սիաթիքը քաղցկեղային ուռի մը կողմէ սիաթիք ջիղին ճնշումին հետեւանքն է. այսպէս, մեծ աղիքի վերջամասի, փրոսթաթի, միզամանի, արգանդի քաղցկեղներ կրնան սիաթիք ցաւեր յառաջացնել: Նոյնն է պարագան յղի կիներուն, որոնց խոշորցած արգանդը, ճնշելով սիաթիք ջիղին վրայ՝ յղութեան շրջանին սիաթիքի պատճառ կը դառնայ:
3- Ողնայարի հիւծախտը կամ քաղցկեղը, ինչպէս նաեւ այլ ոսկորներու հիւանդութիւններ, կրնան ջիղը ճզմել եւ ցաւեր յառաջացնել:
4- Նուազ յաճախ սիաթիք ցաւը հետեւանք է ողնածուծին մէջ յառաջ եկող ուռի մը:
5- Նոյնպէս հազուագիւտ պատճառներ են կրիբը, մալարիան, կամ՝ ալքոլով, սնդիկով կամ կապարով թունաւորումները, որոնք պատճառ կ’ըլլան սիաթիք ցաւերու:
6- Ամենէն յաճախակի պատճառը սակայն սիաթիք ցաւերուն՝ կը մնայ տիսքը, («disque intervertebral») որ կը վնասուի:
Բացատրենք, թէ ի՞նչ է տիսքը (Տե՛ս նկարը):
Ողնայարի սիւնի ամէն մէկ ոսկոր իր վրայ եւ իր տակը գտնուող ոսկորներէն բաժնուած է շատ փափուկ բարձիկներով. ամէն երկու ոսկորի միջեւ, այսպէս ուրեմն, կայ բարձիկ մը, որ «տիսք» կը կոչուի. այս տիսքը կլոր ձեւ ունի եւ կածր է. մէջտեղի մասը սակայն աւելի փափուկ եւ փխրուն է եւ կը կոչուի կորիզային մաս:
Հարուածի մը, զօրաւոր շարժումի մը կամ այլ պարագաներու ընթացքին, այս տիսքը իր բնական կազմութիւնը կը կոսնցնէ. կորիզային կեդրոնական մասը տեղէն կ’ելլէ եւ դէպի ետեւ կը մղուի, հոն ճնշելու համար սիաթիք ջիղին ողնայարէն դուրս ելլող մասին վրայ, յառաջացնելով ջիղին գրգռումը, ջրուռեցքը եւ արեան հաւաքումը. ասոնց ամէն մէկը ինքնին արդէն ցաւ կը պատճառէ:
ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
Տիսքի պարագային, միշտ նախընտրելի է՝ գործողութենէ առաջ ամէն ջանք թափել ցաւերը թեթեւցնելու:
Հակաբորբոքական («անթի-էնֆլամաթուար») դեղեր գործածել այն պարագային, երբ ցաւը 3-4 շաբաթ վերջ նոյնը կը մնայ կամ միւս կողմն ալ կ’անցնի՝ գործողութիւնը անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ:
Իսկ այլ պարագաներու՝ ամէն մէկ պատճառ իր մասնաւոր դարմանումը պէտք է ունենայ: