ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կեանքի առաջին 20 տարիներուն ընդունուած սնունդը մարմինը կ’օգտագործէ որպէս շինանիւթ։ 25 տարեկանին վերջնականապէս կազմաւորուած կ’ըլլան կմախքը, մկանները եւ միւս օրկանները։ 25 տարեկանէ ետք ընդունուած սնունդը կը ծառայէ պահպանելու արդէն կազմուած մարմնի բնականոն գործունէութիւնը։ 50 տարեկանէն ետք, պէտք է սնուիլ ոչ թէ ախորժակը բաւարարելու, այլ օրկանիզմը վերակառուցելու համար։ Անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել ուտելիքներու ճիշդ ընտրութեան եւ պատրաստութեան եղանակներուն, որպէսզի սնունդը ամրապնդէ մեր առողջութիւնը, իսկ քիմքին գոհացում տալու համար կարելի է դիմել համեմներու օգնութեան։
Մարդու օրկանիզմը, կեանքի տարբեր շրջաններուն, լիարժէք սնունդին զուգահեռ, կարիքը ունի որոշակի սննդատեսակներու յաւելման կամ պակսեցման։ Իւրաքանչիւր տարիք, մեկնած օրկանիզմի կառուցուածքէն եւ կատարած աշխատանքէն՝ ունի սնունդի նկատմամբ իր պահանջքը։ Կուրծքով կերակրելէ ետք, որ ամենաբարենպաստն է առողջ երեխայի աճին համար, ան պէտք է սնուի լիարժէք սնունդով, ուր ներկայ պէտք է ըլլան բանջարեղէնները, պտուղները, ընդեղէնը եւ կաթնամթերքները։
Չափազանցուած քաղցր ուտելիքները կը բարձրացնեն երեխաներու գրգռուածութիւնը եւ կը յառաջացնեն արագ յոգնածութիւն:
Նախընտրելի է կազային խմիչքները, տուրմը, չիփսը կարելիին չափ փոխարինել պտուղի տարբեր տեսակներով: Դպրոցական տարիներուն երեխաներուն անհրաժեշտ է կենսանիւթերով հարուստ բազմատեսակ սնունդ։
Կարելիին չափ խուսափիլ պատրաստի՝ «fast food»-էն, կազային զովացուցիչներէն։ Երեխաներու աճին նպաստելու համար, անհրաժեշտ է յատկապէս փրոթէինով հարուստ սնունդը. անբաւարար սնունդը կ’ազդէ ինչպէս ֆիզիքական, այնպէս ալ մտային զարգացման վրայ։
Գիտնականները հաստատած են, որ երեխաներու ուտելու սովորութիւնները 3-5 տարեկանին մեծ դերակատարութիւն կ’ունենան հետագային սրտի կամ երակներու հիւանդութիւններէ տառապելու հաւանականութեան վրայ:
Ուսումնասիրութիւնները կը պարզեն նաեւ, որ նախաճաշը շատ կարեւոր է դպրոցական տարիքի երեխաներուն համար. ան կը կարգաւորէ մարմնի նիւթափոխանակութիւնը, կը խթանէ ուղեղի աշխատանքը, կը բարելաւէ յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը:
Փոքրերը սուրճ չխմելով հանդերձ քաֆէին կը ստանան արուեստական հիւթերէն, տուրմէն, քոլաներէն, որոնք անոնց մօտ գերգրգռուածութեան եւ գերշարժողականութեան պատճառ կը դառնան` ազդելով անոնց կեդրոնացման, ուսման նկատմամբ անտարբերութեան վրայ։
Ընդհանրապէս, սակայն քննութեան շրջանին մասնաւորապէս, երեխաներուն անհրաժեշտ է բազմատեսակ եւ կենսանիւթերով հարուստ սնունդ։ Այս շրջանին յանձնարարելի է տուրմը, պանանը, իսկ եռանդուն եւ աշխոյժ ըլլալու համար ինչպէս նշեցինք նախաճաշը դպրոցականներու համար անհրաժեշտութիւն է։
Արբունքի շրջանին, երբեմն կ’աւելնայ յատկապէս աղջիկներու կշիռքը, մասնաւորաբար դաշտանը սկսելէ ետք եւ անոնք կը դիմեն խիստ սննդականոններու: Սակայն հետեւելով սննդականոնի, անոնք ձեւով մը արգելք կ’ըլլան մարմնի առողջ եւ հաւասարաչափ աճին։ Միայն մասնագէտ բժիշկի խորհուրդներուն հետեւելով, բացառելով որեւէ հորմոնային հիւանդութիւն, կարելի է նուազեցնել աւելորդ ծանրութիւնը։
Կանանց ամէնամսեայ տկարութեան հետ կապուած բարդութիւններէն կարելի է խուսափիլ ուտելով յաճախ եւ քիչ: Այդ շրջանին այտուցուածութեան զգացումէն խուսափելու համար ուտել վարունգ, ազատքեղ, պակսեցնել աղի, սուրճի եւ ալքոլի սպառումը։
Արբունքի շրջանը կը զուգադիպի ոսկորներու աճի եւ կմախքի ձեւաւորման, հետեւաբար կարեւոր է քալսիումը, որուն հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան կաթնամթերքները եւ մութ գոյնի բանջարեղէնները։ Կշիռքը պահպանելու համար, դիւրին է զանց առնել ճաշերու միջեւ «թեթեւ» ուտելիքները, աւելորդ ջերմուժ չստանալու համար։ Նախընտրելի է նաեւ չօգտագործել տապկուած սնունդ, ապուխտ, պահածոներ, թթու դրուած սննդամթերքներ, համեմունքներ, քրեմով եւ սերուցքով թխուածքներ, կազային խմիչքներու տեսակներ, չիփս, որոնք բարձր ջերմուժ կը պարունակեն։
Երիտասարդները նախապատուութիւն տալով «fast-food»-ին՝ կը տկարացնեն առողջութիւնը, նախապայմաններ ստեղծելով ապագային շարք մը հիւանդութիւններու։ «Fast-food»-ը թունաւոր չէ, սակայն երկարատեւ օգտագործումը կը թուլացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը` յանգելով օրկանիզմի ներքին քայքայումին:
Չիփսը, տապկուած գետնախնձորը, կը պարունակէ բարձր ջերմուժ, որ քայքայուելով իւղի եւ օսլայի, ճարպի ձեւով կը կուտակուի հիմնականին մէջ գօտկատեղիի եւ ազդրերու շրջանին վրայ: Բոլորս ալ գիտնալով «fast-food»-ի բացասական ազդեցութիւնը, կ’օգտագործենք զայն, քանի որ «fast-food»-ը արագ կը յագեցնէ եւ մատչելի է: Աւելի ցաւալին այն է, որ յաճախ «fast-food»-ին կ’ընկերանան քաղցր կազային զովացուցիչները` դարձնելով զայն աւելի վնասակար:
Ուտելիքներուն աւելցուած յատուկ նիւթերը կը պատճառեն սննդային նարկոմանիա, որ երեխաներու մօտ կը յառաջացնէ գրգռուածութիւն, իսկ մեծերու մօտ՝ քնատութիւն եւ թուլութիւն:
Երիտասարդները սկսած են օգտագործել աշխուժացնող ընպելիքներ, որոնք կը պարունակեն քաֆէին եւ շաքար. մէկ շիշը կը պարունակէ մօտ 80 կրամ քաֆէին, որ ծխախոտի եւ ալքոհոլի նման վնասակար է:
40-ին մօտեցող կիները իրենց արտաքին բարեմասնութիւնները պահպանելու մտահոգութենէ ազդուած, յաճախ կը հետեւին խիստ սննդականոններու: Սխալ կարծիք կայ` ըստ որուն, 40-էն ետք, մանաւանդ դաշտանադադարի շրջանին, կանայք անպայման կը գիրնան եւ դժուար թէ կշիռքը ետ նուազի։ Մինչդեռ սերտուած ճաշացուցակի կողքին մարմնամարզութեան հետեւելով կամ օրական մէկ ժամ քալելով, կիները կրնան պահպանել ե՛ւ առողջութիւնը, ե՛ւ բարեձեւութիւնը։
Դաշտանադադարի շրջանին (menopause) մէջ գտնուող կանանց ոսկորներու դիւրաբեկութիւնը կանխարգիլելու նպատակով, անհրաժեշտ է սպառել քալսիումով հարուստ յաւելեալ սնունդ, կաթնեղէն, ծովային կենդանիներ, յաճախ օգտագործել փոթասիումով հարուստ սնունդ՝ պանան, շոմին, սեխ, նարինջի ջուր, նուազեցնելու համար քալսիումի կորուստը։
Աղի չարաշահումը նոյնպէս կը նպաստէ մէզով քալսիումի հեռացումին։
Դաշտանադադարի շրջանին աւելի շատ օգտագործել ընդեղէն, մանաւանդ սոյա, որ ֆիթօ էսթրոժեն կը պարունակէ, ինչպէս նաեւ կտաւատ, խմել կանաչ թէյ, օրեկանոյի թէյ: Կարեւոր է նաեւ հակաընկճուածութեան ազդեցութիւն ունեցող սնունդի օգտագործումը. հաւկիթ, մանաւանդ դեղնուցը, քինուա, սեւ տուրմ, «Vit. B»-ով հարուստ, ինչպէս նաեւ մակնեզիում պարունակող սննդամթերքներ, որոնց ազդեցութեան տակ տրիպտոֆանը կը վերածուի սերոթոնինի:
Գիրնալու հակում ունեցող կանայք պէտք է խուսափին ճարպոտ եւ քաղցր ճաշատեսակներէ, սահմանափակեն խմորեղէնները։ Այս շրջանին մասնաւոր բարդութիւններ ունեցող կանայք պէտք է խուսափին օգտագործելէ չափազանցուած աղի եւ կծու սնունդ, սուրճ եւ ալքոհոլ։
Սնունդի մէջ նախապատուութիւն տալ պտուղներուն եւ բանջարեղէնին։ Բարդութիւններէն խուսափելու համար, շատ օգտակար է շաբաթը մէկ օր կատարել օրկանիզմի բեռնաթափում։
Ամենէն կարեւորը, անհրաժեշտ է մաքրել միտքը, լաւատես ըլլալ կեանքի հանդէպ, հնարաւորին չափ զբաղիլ մարմնամարզանքով, քալել, կատարել որեւէ մտաւոր կամ թեթեւ ֆիզիքական աշխատանք, որ հաճոյք կը պատճառէ անձին։
Կեանքի այս շրջանին, կնոջ բնաւորութեան տատանումները շրջապատի եւ ընտանիքի անդամներու կողմէ պէտք է ներողամտօրէն ընդունուին, խուսափելու համար հետագայ հոգեկան խանգարումներէ։
ԾԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ծերութիւնը հիւանդութիւն չէ, սակայն հաւանական կը դարձնէ կարգ մը հիւանդութիւններու զարգացումը, ինչպէս՝ ընկճուածութիւն, պնդութիւն կամ հակառակը՝ փորհարութիւն, անմարսողութիւն, երակներու կարծրացում եւ նեղնալու հետեւանքով յառաջացած սրտանօթային հիւանդութիւններ, յաճախ ձգձգուող հիւանդութիւններու սրացում:
Տարիքի հետ մարսողութիւնը կը թուլանայ, քիչ մը աւելի ուտելու պարագային, կը յառաջանայ անմարսողութիւն, ծանրութեան զգացում: Տարեց եւ ծեր հասակի մէջ, ջերմուժի պահանջները համեմատաբար ցած են: Անհրաժեշտ է սահմանափակել երակներու կարծրացման եւ ճարպակալման նպաստող սնունդը, յատկապէս կենդանական ծագում ունեցող սնունդի քանակը, քաղցրեղէնը, խմորեղէնը:
Տարեցներու սնունդը պէտք է ըլլայ տեսակաւոր, յաճախակի եւ քիչ քանակով, նախընտրութիւնը տալով հում եւ հեղուկ ուտելիքներուն։ Ընտրել կենսանիւթերով, հանքային աղերով, ամինոթթուներով հարուստ եւ միեւնոյն ատեն քոլեսթերոլէ, շաքարէ զուրկ, քիչ ջերմուժ պարունակող սնունդ։
Սնունդը կազմուած պէտք է ըլլայ պտուղներէ, կանաչ տերեւներով բանջարեղէնէ, ձկնեղէնէ, ընդեղէնէ եւ լման հացահատիկներէ պատրաստուած հացէ։ Օրկանիզմի ծերացման գործընթացը արագացնող գօրծոններն են շաքարը, քաֆէինը, շոքոլան, սպիտակ ալիւրը, արհեստական քաղցրացուցիչները, մշակուած սնունդը, միսը, չիփսը, տապկուած եւ միքրոալիքային վառարանի («micro-wave») մէջ պատրաստուած սնունդը, մարկարինը: Նախընտրելի է վերոնշեալները հանել սննդաբաժինէն կամ սահմանափակել անոնց օգտագործումը:
Ջիղերը հանգստացնելու եւ ուղեղային հիւանդութիւնները կանխելու նպատակով օգտագործել մակնէզիումով հարուստ չոր պտուղներ եւ բանջարեղէն։ Կանոնաւոր սպառել ոչ իւղոտ կաթնեղէն, նախընտրելի է օգտագործել պանիրի ճերմակ տեսակներ։ Օգտագործել դանդաղ գործող շաքարի տեսակներ՝ մեղր, չոր պտուղներ, հատեղէն, բրինձ, օրական ուտել 2-3 հատիկ սխտոր։ Տարեցներու մօտ, յաճախ հանդիպող ներբաններու այրոցի զգացումը, կը յառաջանայ յատկապէս «B-12»-ի պակասէն, այս անձերը պէտք է սպառեն «Vit B»-ով հարուստ սնունդ։
Ծերութիւնը դանդաղեցնող ուտելիքներ են հատապտուղները, մածունը, թանը: Ժամանակակից բժշկութիւնը խորհուրդ կու տայ տարեցներուն զբաղիլ որեւէ աշխատանքով, խուսափելու համար հոգեւոր եւ ֆիզիքական շարք մը խանգարումներէ։ Յիշողութիւնը եւ աշխատունակութիւնը պահպանելու համար, շատ կարեւոր է չկորսնցնել հետաքրքրութիւնը կեանքի նկատմամբ։
Զբաղիլ ընթերցանութեամբ, նկարչութեամբ, քալել, ըլլալ ֆիզիքապէս աւելի աշխոյժ, քիչ շարժունակութիւնը ամենամեծ վնասը կը հասցնէ տարեց մարդկանց, իսկ անոնց առողջութեան ոխերիմ թշնամին անգործութիւնն է: