ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Սողնախտագօտին (herpes zoster) ժահրային վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ մարդկային (human) Alphaherpesvirus 3 (varicell zoster virus-VZV) ժահրի վարակումով: Այս ժահրը կը պատկանի 8 տարբեր տեսակի հerpes virus-ներու խմբակին: Ան կը յառաջացնէ ջրծաղիկը (chicken pox), որ ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն մըն է. սակայն կրնայ պատահիլ նաեւ երիտասարդներու եւ տարեցներու: Ջրծաղիկի անյայտացումէն ետք յարուցիչ ժահրը կը մնայ անգործօն «inactive» ողնայարէն ծնունդ առած կարգ մը ջիղերուն մէջ: Երբ այս անգործօն ժահրը վերաշխուժանայ եւ գործօն դառնայ (reactivation) կը ձգէ իր վայրը եւ կը կը հաստատուի ջիղին ծայրամասին վրայ ու կը յառաջացնէ սողնախտագօտին (ՍԳ): Այս վերաշխուժացումը առաւելաբար կը պատահի տարեցներու, տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներու, «ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ» (AIDS) եւ «մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահր» (HIV) ունեցողներու ու անոնց, որոնք ջրծաղիկ ուեցած են մանկութեան շրջանին՝ մէկ ու կէս տարեկանէն առաջ:
Սողնախտագօտին կը պատահի առանց սեռի խտրութեան եւ որեւէ մէկ տարիքի, բայց առաւելաբար՝ տարեցներու եւ հազուադէպօրէն փոքրիկներու:
Իւրաքանչիւր անհատ կեանքի տեւողութեան ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ կ՚ախտահարուի այս հիւանդութեամբ: Տեսնուած է որ ժողովուրդին 33 առ հարիւր համեմատութիւնը կ՚ախտահարուին այս հիւանդութեամբ իրենց կեանքի ընթացքին: Ամէն տարի 65 տարեկանէն վար եղող անհատներուն 0, 12-0,34 առ հարիւրը եւ 65 տարեկանէն վեր եղող անհատներուն 0,39-1, 18 առ հարիւրը կ՚ախտահարուին սողնախտագօտիով:
Սողնախտագօտիով վարակուելու հաւանական վտանգաւոր ազդակներ են (risk factors)՝
1.- 50-էն վեր տարիք ունեցողները:
2.- Տկար դիմադրողականութիւն ունեցողները:
3.- Քաղցկեղի դարմանում ստացողները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք քիմիադարմանումի (cheotherapy) եւ Ք ճառագայթային (X ray) դարմանումի ընթացքի մէջ են:
4.- «Ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշով» եւ կամ «մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահր»-ով վարակուած անձեր են:
5.- Օրկաններու փոխպատուաստումի ընթացքին հակամերժողականութեան դեղեր գործածողներ են:
6.- Մեծ քանակութեամբ քորթիզոն (cortisone) գործածողներ են:
Սողնախտագօտին ունի նախնական եւ հիմնական ախտանշաններ: Նախնական ախտանշաններն են՝ թեթեւ ջերմութիւն, գլխացաւ, յոգնածութիւն եւ ախորժակի տկարացում 2-3 օր տեւողութեամբ: Նախնական ախտանշաններէն ետք վարակուած անձը կ՚ունենայ այրուածքային եւ խայթող (pricking) ջղացաւ, քերուըտուք, գերզգայնութիւն (hypersensitivity), տարազգայութիւն-զգացումի խեղաթիւրութիւն (paresthesia), ասղնտուք (tingling) եւ թմրութիւն: Այս հիմնական ախտանշանները տեղի կ՚ունենան կրծքավանդակի այն մասերուն վրայ, ուր կը գտնուին ողնայարէն ծնունդ առած ջիղերուն ծայրամասերը, այսինք կրծքավանդակին երկու կողմերը: Ցաւը կ՚ըլլայ մեղմ եւ կամ ուժգին: Այս բոլորէն ետք կը յայտնուի մորթային ցանը, ընդհանրապէս իրանին վրայ, երբեմն դէմքին եւ աչքերուն վրայ եւ մէջը: Մորթացանի բշտիկները (blisters) կը յայտնուին քով քովի երկար գծիկի ձեւով կրծքավանդակի կողոսկրներու (ribs) միջեւ: Բշտիկները կը լեցուին շիճուկային հեղուկով (serous fluid) եւ 2-3 օր ետք կը լեցուին արիւնով ու կը ստանան մութ գունաւորում: Անոնց սպիացումը տեղի կ՚ունենայ 7-10 օր ետք: Սպիները ինքնաբերաբար կ՚իյնան եւ մորթը կը ստանայ բնական երեւոյթ. սակայն երբեմն սպիները կը ստանան մնայուն թուխ գունաւորում: Սպիացումէն ետք ջղացաւը կը շարունակուի 3-4 շաբաթ: Սողնախտագօտիի ախտաճանաչումը հիմնուած է հիւանդին ախտանշաններուն վրայ, յատկապէս՝ մորթացանի երեւոյթին վրայ: Ախտաճանաչումը կ՚ամբողջանայ կատարելով մորթացանէն առնուած քերթուածքային կտորիկներուն (scraping) եւ բշտիկներու հեղուկին ախտաբանական քննութեամբ:
Սողնախտագօտին յատուկ դարմանումի միջոց չունի: Հակաժահրային դեղերը օգտակար են, եթէ գործածուին մորթացանի յայտնաբերումէն անմիջապէս ետք: Անոնց գործածութեամբ կը նուազին հիւանդութեան ուժգնութիւնը եւ տեւողութիւնը: Այս դեղերը ոչ մէկ օգտակարութիւն ունին ջղացաւին:
Պարզ ցաւազրկիչ եւ հակաքերուըտուքի դեղեր կ՚օգնեն ցաւի եւ քերուըտուքի մեղմացումին: Սողնախտագօտիի ապաքինումը երկար ժամանակ կ՛ենթադրէ, երբեմն նոյնիսկ ամիսներ:
Սողնախտագօտիով վարակուած անհատը կրնայ ունենալ կարգ մը բարդութիւններ՝
Ա. «Դէմքի եռեակ ջիղ»-ի (triageminal nerve) ախտահարում: Դէմքի եռեակ ջիղի երեք բաժինները կրնան ախտահարուիլ եւ յառաջանալ հետեւեալ բարդութիւնները՝
1.- Ակնային սողնախտագօտին, որ տեղի կ՚ունենայ եռեակ ջիղի երրորդ բաժինին ախտահարումով: Աչքին յառաջամասի բոլոր բաժինները եւ երբեմն աչքին յետսամասը եւ տեսողութեան ջիղը (optic nerve) կրնան վնասուիլ: Ասոնց հետեւանքով տեղի կ՚ունենայ ակնացաւ, կոպերու ուռուածութիւն (edema), ակնազօդաբորբ (conjunctivitis), աչքի սպիտակուցաբորբ (scleritis), եղջերիկի ջրուռեցք (corneal edema), լուսազգայնութիւն (photosensitivity) եւ նոյնիսկ տեսողութեան կորուստ: Այս բոլորին հետ կրնայ յայտնուիլ ճակատի եւ քիթի մորթացան եւ բշտիկաւորում: Վարակուողներուն 10-25 առ հարիւրը կ՚ունենայ այս բարդութիւնները:
2.- Ականջային սողնախտագօտին, երբ ականջին արտաքին բաժինը եւ ներքին բաժինը կը վնասուին: Ականջի Սողնախտագօտին կը յատկանշուի արտաքին ականջի բշտիկներու յայտնաբերումով եւ սուր, մնայուն եւ անհանգստացուցիչ ցաւով ու քերուըտուքով: Կրնան պատահիլ նաեւ լսողութեան տկարացում կամ կորուստ եւ գլխապտոյտ:
3.- Բերանային սողնախտագօտի, որ կը յատկանշուի բշտիկներու յայտնաբերումով բերնին զանազան բաժիններուն վրայ: Այս կը պատահի եռեակ ջիղի երկրորդ եւ երրորդ բաժիններու վնասումով:
Բ. Յետսողնախտագօտիի նեարդային ցաւ (post herpes zoster neuralgia), որ տեղի կ՚ունենայ ապաքինումէն ետք:
Գ.Մորթային մանրէական (bacterial) երկրորդական բորբոքում, որ ընդհանրապէս կը յառաջանայ երբ վարակուած անհատը շարունակ կը քերէ բշտիկները եւ մորթացանը:
Սողնախտագօտիի ժահրը կը փոխացուի անոնց, որոնք տկար դիմադրողականութիւն ունին ջրծաղիկի ժահրին դէմ: Փոխանցումը տեղի կ՚ունենայ ուղղակի հպումի ձեւով (direct contact), այսինքն՝ դպչելով վարակուած անհատին ունեցած մորթացանին եւ բշտիկներուն: Նոր վարակուած անհատը այս փոխանցումով կ՚ունենայ ջրծաղիկ եւ ոչ թէ սողնախտագօտի:
Մինչեւ բշտիկներուն ամբողջական անյայտացումը սողնախտագօտիով վարակուած անձը կրնայ փոխանցել ժահրը առողջ անձերու. ուստի ան պէտք է չէ դպչի առողջ անհատի մը եւ անոնց, որոնք՝
1.- Ջրծաղիկ չեն ունեցած անցեալին եւ կամ չեն պատուաստուած:
2.- Յղի կիներ են:
3.- Նորածին մանուկներ են:
4.- Տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներ են:
Կրնա՞նք արգելք հանդիսանալ սողնախտագօտիին: Այո՛ կաելի է եւ այդ՝ յատուկ պատուաստներով:
2006-ին գտնուած է Zostavax պատուաստը: Ամերիկեան կառավարութիւնը պաշտօնապէս արտօնած է բժիշկներուն, որ գործածեն այս պատուաստը: Zostavax պատուաստը ապահովութիւն կու տայ մինչեւ հինգ տարի. Այս պատուաստը մէկ սրսկումով կը տրուի արմուկի մկաններուն: Ան յանձնարարելի չէ 60 տարեկանէն վար անհատներու:
2017-ին գտնուած է նոր պատուաստ մը, որ կոչուած է՝ Shingrix: Այս պատուաստը աւելի լաւ եւ երկար ապահովութիւն կը յառաջացնէ, այսինքն 5 տարիէն աւելի: Ան կը տրուի երկու սրսկումով 5-6 ամիսներու ընթացքին: Անիկա յանձնարարելի է 50 տարեկանէն վեր անհատներու եւ նոյնիսկ անոնց, որոնք նախապէս ստացած են Zostavax պատուաստը:
Shingrix պատուաստը կը յառաջացնէ 97 առ հարիւր համեմատութեամբ ապահովութիւն 50-69 տարեկան անհատներու եւ 91 առ հարիւր համեմատութեամբ՝ 70 տարեկանէն ետք:
Այս երկու պատուաստները յատուկ բարդութիւններ չեն ստեղծեր: Սակայն պատուաստուող անհատը կրնայ ունենալ պատուաստի սրսկումի ցաւ, կարմրութիւն, ուռուածութիւն-ջրուռեցք, քերուըտուք եւ գլխացաւ:
Zostavax եւ Shingrix պատուաստները կը գործածուին որպէս կանխարգելիչ (preventive) միջոցառում ՝ պաշտպանուելու համար սողնախտագօտիէն: Անոնք դարմանումի միջոց չեն: