Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ «սուրճի մրուրը» կը կանխէ ջղային դրութեան կառուցուածքի եւ աշխատանքի անկումը կամ վատթարացումը եւ հետեւաբար՝ ալզհայմըրի եւ փարքինսընի զարգացումը` փոխելով քաֆէինաթթուի («caffeic acid») ածխածնային կառուցուածքը: Այս տեղեկութիւնը լոյս տեսած է բրիտանական «Սան» օրաթերթին մէջ: «Մինչեւ հիմա ալզայմըրի կամ մտագարութեան («dementia») դեղ չկայ, թէեւ առկայ դեղերը կ’օգտագործուին մեղմելու հիւանդութեան ախտանշանները», կ’ըսէ հետազօտութեան հեղինակը՝ Ճիօթիշ Քումար, Թեքսասի համալսարանէն, աւելցնելով՝ «մեր նպատակը դարմանումի եւ բուժման միջոց յայտնաբերելն է»:
Նիւթը պատրաստուած է 4 ժամ տաքցնելով սուրճի մրուրը 200 ջերմաստիճանով՝ փոխելու քաֆէինաթթուի ածխածնային կառուցուածքը: Հետազօտողները պարզած են, որ նոր յառաջացած նիւթը կ’օգնէ ձերբազատելու մարմնին ազատ մասնիկներէն («free radicals»), որոնք կ’առնչուին բազմաթիւ վիճակներու, ներառեալ՝ փարքինսըն հիւանդութեան, եւ կը վնասազերծեն զանոնք:
Հետազօտողները կը նշեն, որ սուրճի մրուրէն պատրաստուած նիւթը կը կանխէ նաեւ ամիլոյտ («amyloid») սպիտակուցներու կուտակումը, որոնք պատճառ կը դառնան ալզհայմըրի հիւանդութեան յառաջացման՝ առանց կողմնակի լուրջ ազդեցութիւններու:
Ցարդ ալզհայմըրը բուժող դեղ գոյութիւն չունի, թէեւ անոր զարգացումը դանդաղեցնելու միտող երեք խոստմնալից դեղեր ներկայիս կը գտնուին փորձարկման փուլի մէջ: Փարքինսընի հիւանդութեան բուժումը նաեւ գոյութիւն չունի, բայց եթէ ան կանուխէն ախտորոշուի, սննդականոնի փոփոխութիւնները, մարզանքները, ֆիզիոթերափին, դեղերը եւ որոշ պարագաներու ուղեղի վիրահատութիւնը կրնան դանդաղեցնել անոր զարգացումը: