ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Սպիտակարիւնութեան (leukemia) բոլոր տեսակները կը յառաջանան ոսկրածուծի արիւնաստեղծ (hemopoietic) ցօղունային (stem cell) սպիտակ գնդիկներու անբնական բազմացումով եւ յայտնաբերումով անբնական սպիտակ գնդիկներու, որոնք կը կոչուին «լիւքիմիք բջիջներ». անոնք կը սահմանափակեն ոսկրածուծի բնական արիւնաստեղծումը եւ կը փոխարինեն ոսկրածուծի բնական բջիջները։ Այս անբնական բջիջները կը լքեն ոսկրածուծը եւ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ, ապա կը կեդրոնանան փայծաղի (spleen), աւշագեղձերու, լեարդի եւ մարմնի զանազան օրկաններու մէջ։
Սպիտակարիւնութեան ախտապատճառը ընդհանրապէս կարելի չէ գիտնալ. սակայն շատ մը ազդակներ նկատուած են հաւանական ախտապատճառներ. ասոնցմէ կարելի է յիշել՝ ծինային (genetic) անբնական կազմաւորում, միջավայրային փոփոխութիւններ եւ ազդեցութիւններ, ինչպէս՝ կարգ մը քիմիական նիւթեր, շողարձակում, հակախլիրդային դեղեր եւ որոշ ժահրեր։
Սպիտակարիւնութիւնը փոխանցիկ հիւանդութիւն մը չէ եւ կը պատահի աւելի տղամարդոց մօտ։ Ան կրնայ ըլլալ սուրկարճատեւ եւ կամ մնայուներկարատեւ։ Անչափահասներու եւ երիտասարդներու մօտ ընդհանրացած տեսակը սուր-կարճատեւ սպիտակարիւնութիւնն է, որ կը սկսի անակնկալօրէն եւ սուր. հիւանդներուն մեծամասնութիւնը կ’ապրի, ախտաճանաչումէն ետք, 4-6 ամիս, երբ տեղի չեն ունենար արդի դարմանումի միջոցառումները. իսկ տարեցներու մօտ ան կ’ունենայ մնայուն-երկարատեւ ընթացք, որ կը սկսի ծածուկ եւ կը յառաջանայ շրջան մը շատ դանդաղ, առանց որեւէ մէկ ախտանշանի: Հիւանդները ախտաճանաչումէն ետք կ’ապրին 2-10 տարի՝ առանց արդի դարմանումի միջոցառումներու։
Սպիտակարիւնութեան ախտաճանաչումը տեղի կ’ունենայ հիմնականօրէն արեան, ոսկրածուծի եւ աւշագեղձերու (lymph nodes) յատուկ քննութիւններով, որոնց միջոցով կը յայտնաբերուին անբնական սպիտակ գնդիկներու անբնական թուային աճ եւ զանազան անբնական երեւոյթներ, ինչպէս նաեւ՝ անարիւնութիւն (anemia) եւ արեան թիթեղիկներու (platelets) նուազում։
Անոր ընդհանրացած ախտանշանները հետեւեալներն են՝ սակաւարիւնութիւն, յոգնածութիւն, հիւծում, սրտի արագ տրոփում, շնչարգելութիւն, փայծաղի եւ լեարդի ծաւալում, ախորժակի նուազում, ջերմութիւն, աւշագեղձերու անբնական յայտնաբերում եւ ծաւալում, կրծոսկրի (sternum) ցաւ, մորթային կապուտակ բշտիկներ, ոսկրային ցաւ եւ կոտրուածք, արիւնամիզութիւն (hematuria), խլութիւն եւ տեսողական խանգարումներ։
Սպիտակարիւնութիւնը անցեալին հիմնական բուժում չունէր. զանազան միջոցառումներով, ինչպէս՝ շողարձակում, հակախլիրդային դեղեր, արեան փոխներարկում, սննդարար կերակուրներ եւ մարմնական-ֆիզիքական հանգիստ, կ’երկարաձգուէր հիւանդին կեանքը որոշ շրջան մը, եւ կը նուազէր հիւանդին ցաւը. սակայն այսօր ոսկրածուծի փոխպատուաստումով (transplant), երբ նախ ոսկրածուծի բոլոր չարաղէտ բջիջները ամբողջութեամբ կը բնաջնջուին շողարձակումով եւ կամ որոշ հակախլիրդային դեղերով, կը կատարուի այս հիւանդներուն դարմանումը։ Բարեբախտաբար այս հիւանդները, շնորհիւ ոսկրածուծի փոխպատուաստումի, կ’ապրին շատ աւելի երկար եւ կ’ունենան ընդունելի հանգստաւէտ կեանք. անոնց մեծամասնութիւնը կը գործէ, կ’աշխատի եւ կը դառնայ արտադրող անհատ՝ ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կ’ունենայ առողջ ընտանեկան եւ ընկերային կեանք։