ՏՈՔԹ. ԿՈՍՏԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
1- Ի՞նչ է ստամոքսի խոցը:
2- Որո՞նք են ստամոքսի խոց յառաջացնող պատճառները:
3- Ի՞նչ ախտանշաններ ունի ստամոքսի խոցը:
4- Ե՞րբ արդէն պէտք է խորհրդակցիլ բժիշկին հետ:
5- Որո՞նք են ստամոքսի խոցը ծանրացնող գործօնները:
6- Ինչպէ՞ս ախտորոշել ստամոքսի խոցը:
7- Ինչպէ՞ս բուժել ստամոքսի խոցը:
8- Ե՞րբ կարիքը կը ստեղծուի գործողութեան:
9- Որո՞նք են ստամոքսի խոցի բարդութիւնները:
10- Ինչպէ՞ս ընել որ ստամոքսի խոցը չկրկնուի:
1/ Ստամոքսի լորձաթաղանթին արտադրութիւնը՝ ստամոքսահիւթը կը քայքայէ ընդունուած սնունդը ու զայն կը պատրաստէ մարսողութեան:
Ստամոքսի բաղադրութեան մէջ կը մտնէ թթուն (acide chlorhydrique)-ը: Որպէս ներքին պաշտպանութիւն այս թթուէն, ստամոքսի լորձաթաղանթը բաւականին հաստ է ու կ՚արտադրէ պաշտպանող հիւթեր նաեւ:
Երբ կը յառաջանան լորձաթաղանթին հետ կապուած խանգարումներ, օրինակ՝ արեան որոգման անբաւարարութիւն, քայքայող նիւթերու կարեւոր աճ, եւայլն… ապա կ՚ախտահարուի լորձաթաղանթը: Լորձաթաղանթին վրայ յառաջացած քանի մը միլիմեթր քառակուսի փոսիկ-վէրքերը կրնան սկիզբը հանդիսանալ մասնակի կամ ամբողջական ստամոքսի խոցին:
Երբ հիւանդութեան անունն է ստամոքսի խոց, սա չի նշանակեր որ նոյն ընթացքը ունին բոլորը:
Ըստ տեղեկութեան զանոնք կը բաժնենք երկու մասի:
ա- Տասնեակներու մատնեայ աղիքի խոցը կը գտնուի ստամոքսը եւ բարակ աղիքը միացնող բաժինին մէջ: Այս տիպի խոցերը կը կազմեն 90%ը:
բ- Ստամոքսի խոցը կը գտնուի ստամոքսին մէջ: Աւելին, հազուագիւտ պատահող խոց է, բայց այս վերջինիս բարդութիւնները լուրջ հարցեր կրնան յառաջացնել:
Գրութեանս մէջ երբ կը նշեմ ստամոքսի խոց, ընդհանրապէս նկատի կ՚առնեմ այս երկու տիպերը միասին:
2/ Երկար ժամանակ ստամոքսի խոցի ախտածագումը կը վերագրէին հոգեկան վիճակներու, սովորութիւններու, սնունդի եւ այլն…:
Բայց, այսօր, հաստատուած է որ ստամոքսի խոցերուն 99%ին ախտածագման պատճառը կը հանդիսանայ «helicobacter pylori» կոչուած մանրէն: Այս բժշկական յայտնաբերումն ու հաստատումը յեղաշրջեցին խոցի դասական բուժումը:
Այժմ, կը կեդրոնանանք այս մանրէն չէզոքացնելու բուժումին վրայ, որ կը յանգի խոցին վերացման: Սակայն, պէտք է զգոյշ մնալ, երբ ստամոքսի խոցը յառաջացած է aspirine-ի կանոնաւոր գործածութենէն կամ ոչ steroide-ային հակաբորբոքային դեղորայքի օգտագործումէն:
Այն դեղորայքները, որոնք կը յառաջացնեն ստամոքսի խոցեր կը նշուին որպէս «gastro-toxiques» (ստամոքսը վնասող-թունաւորող), որովհետեւ կը նուազեցնեն ստամոքսի լորձաթաղանթի պաշտպանողական գործօնները:
Այս դեղերը հիմնական ցաւազրկիչ հակաբորբոքային իրենց ազդեցութեամբ հանդերձ, պատճառ կը դառնան ստամոքսային խոցերու արագ յառաջացման ու զարգացման:
3/ Ստամոքսի խոցը բաց վէրք է ու շփումի մէջ է ստամոքսի պարունակութեան հետ, անոր համար ախտանշանները կ՚ըլլան բաւականին ցաւոտ:
Ստամոքսի խոցի ախտանշաններն են ցաւերը, կծկումները, կրծքոսկրի ստորին բաժինին շուրջ այրոցները:
Ցաւի զգացումը կրնայ ճառագայթել մինչեւ կռնակը: Ցաւը կը համընկնի սնունդի ընդունման հետ, այսինքն ուտելէն ետք, մէկ ժամէն մինչեւ չորս ժամ: Ցաւը ըստ հիւանդութեան զարգացման ու սրացման՝ կ՚ըլլայ փոփոխական:
Ցաւերուն միացող նշաններէն են սրտխառնուք, փսխում, մարսողութեան խանգարում: Սնունդի ընդունումը շատ անգամ ցաւերը կը մեղմացնէ: Այս վիճակը կրնայ մինչեւ քանի մը օր երկարիլ, ապա կարելի է նկատել պարբերական կրկնութիւններ:
4/ Ստամոքսի հակաթթուային (antiacide) բուժումներուն չենթարկուող ցաւերը, որոնք կը սկսին կրկնուիլ քանի մը օրը անգամ մը կամ գիշերները արթննալ ցաւերով, պէտք է մղէ հիւանդը խորհրդակցելու բժիշկի մը հետ:
Որքան շուտ դիմենք բժիշկին, արդիւնքը այնքան դրական կ՚ըլլայ ու առաջադրուած բուժումը դիպուկ ու օգտաւէտ:
5/ Ստամոքսի խոցը ծանրացնող գործօնները պէտք չէ շփոթենք նոյն հիւանդութիւնը յառաջացնող պատճառներուն հետ:
Այս գործօնները արդէն գոյացած՝ խոցի մը ախտանշանները աւելի կը ծանրացնեն:
Կը նշենք՝
– Ծխախոտը:
– Ոգելից խմիչքները:
– Սուրճը երբ կը չարաշահենք:
– Սթրես եւ կամ հոգեկան անհանգիստ վիճակ:
– Հակաբորբոքային եւ cortisone-ային դեղորայքի օգտագործումը կամ չարաշահումը:
Այս գործօններէն պէտք է անյապաղ ձեռբազատիլ երբ ունինք ախտորոշուած ստամոքսի խոց:
Սնունդը իր դերը ունի նաեւ: Ստամոքսի խոցով տառապող հիւանդները պէտք է ուտեն հաւասարակշռուած սնունդ, նախընտրելով ֆիպրայինը եւ խուսափելով շատ իւղոտ ու համեմներով հարուստ սննդականոնէն:
Հանգիստ ուտել եւ ոչ հապճեպով: Արագ սնունդ ընդունիլը կը նպաստէ ստամոքսահիւթերու ի միջի այլոց թթու արտադրութեան արագընթաց աճին:
6/ Ստամոքսի խոցի ախտաճանաչումը կը հաստատուի «gastroscope»-ով: Այս հետազօտութիւնը թոյլ կու տայ խողովակի մը միջոցով մտնելու եւ հասնելու ստամոքս, տեսնելու վնասուածքը կամ խոցը եւ վերցնելու զանոնք շրջապատող լորձաթաղանթէն մասնիկներ, որոնք ապա կ՚ուղարկուին հետազօտութեան:
Նաեւ գոյութիւն ունի «H. pyglori breath test», որ փչած շունչին միջոցով կը հաստատէ մանրէին առկայութիւնը:
7/ Ստամոքսի խոցին հիմնական բուժումը դեղերով է եւ կ՚ընթանայ հիմնական երկու ուղղութիւններով:
ա) Ստամոքսահիւթի արտադրութիւնը նուազեցնող եւ «H. Pyglori» մանրէն ոչնչացնող զուգորդուած դեղերու օգտագործումով:
բ) Մանրէի դիմադրութեան հետ կապուած գոյութիւն ունին տարբեր protocole-ներ, որոնք կը կիրառուին մասնագէտ բժիշկին կողմէ:
Անհրաժեշտ է բուժումը լիարժէք ընդունիլ ու յարգել ժամանակամիջոցը որ կրնայ տեւել մինչեւ վեց ամիս կամ աւելի: Բուժումէն քանի մը օր ետք, երբ հիւանդը նկատէ ախտանշաններու ուժգնութեան նուազեցում կամ թէկուզ բարելաւում, պէտք է ինքն իրմէ կասեցնէ բուժումը: Նման դէպքերու, կրկնուող խոցերուն մօտ կը զարգանայ դիմադրութիւն անդիպիոթիքներու հանդէպ:
8/ Շնորհիւ վերը նշուած բուժումներուն, որոնք վերացնելով պատճառ հանդիսացող մանրէն կը բուժեն ստամոքսի խոցը, կը կանխեն գործողութեան ընտրանքը:
Բայց գործողութիւնը իր մեծ դերը կը պահէ խոցի արիւնահոսութիւններու ժամանակ, երբ վիրաբոյժը արիւնահոսող անօթները կարելով կը կասեցնէ արիւնահոսութիւնը ու կը փրկէ հիւանդը:
Ստամոքսին մէջ գտնուող խոցերուն, ինչպէս նշած ենք թիւ 1 բաժինին մէջ, երբ քաղցկեղի վերածուելու համեմատութիւնը բարձր է, ապա գործողութիւնը կը մնայ բուժման առաջնահերթ գիծին վրայ:
Նաեւ բազմաթիւ բուժումներէ ետք անհետեւանք ստամոքսի խոցի պարագաները կը դիմեն վիրաբուժին:
9/ Երբ ստամոքսի խոցը չենք բուժեր տարբեր պատճառներով՝ անհոգութիւն, կամակորութիւն, նիւթական, եւայլն…:
Ապա պիտի հանդիպինք ոչ հաճելի բարդութիւններու՝ արիւնահոսութիւն կամ թափածակում:
– Արիւնահոսութեան ժամանակ կը նկատուի արիւնային փսխումներ (կարմիր եւ կամ սեւ գոյնի), եւ կամ կղանքի մէջ սեւ արիւնի առկայութիւն:
– Թափածակում, այսինքն երբ ստամոքսի պատը ծակուելով դէպի որովայն, հոն կը թափէ ստամոքսի պարունակութիւնը: Որովայնի շատ սուր ցաւեր յառաջացնող վիճակ մըն է, երբ հիւնադին բուժումը պէտք է ըլլայ հիւանդանոցային:
Կը յառաջանայ «peritonite», այսինքն աղիքային համակարգ պատող բարակ թաղանթի (peritoneum)-ի բորբոքում:
Այս բարդութիւնները ուղղակի կապուած չեն ցաւի ուժգնութեան հետ: Յաճախ արիւնահոսող խոցով հիւանդ մը ցաւի զգացում չ՚ունենար:
10/ Խոցը չկրկնուելու առաջին պայմանը կը հանդիսանայ որոշուած դեղորայքի ընդունումը առանց խախտումներու կամ կիսատ թողելու:
Երկրորդ կարեւոր պայմանը պէտք է հիւանդը հեռանայ իր ձեռքբերած վատ սովորութիւններէն:
Ձեր ապրելակերպը կազմակերպեցէք հետեւեալ ձեւով՝
– Ընդունած սնունդը բաժնեցէք երեք անգամի:
– Հեռու մնացէք կամ մի չարաշահէք ծանրացնող գործօնները՝ ծխախոտ, ալքոլային խմիչքներ, սուրճ, սթրեսային վիճակներ, ջղայնութիւններ, եւայլն..:
10 հարցում որ մեր միտքէն կ՚անցնին ու 10 պատասխան տրուած հասկնալի ու հասանելի բոլոր ընթերցողներուն, որպէսզի առողջ ապրինք ու հասկնանք ստամոքսի խոցի հիւանդութիւնը: