ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Վատ շնչահոտը շատ տարածուած երեւոյթ մըն է, որմէ կրնայ տառապիլ գրեթէ ամէն մարդ: Այս երեւոյթը կը մտահոգէ շատերը եւ յաճախ կը հասնի այնպիսի աստիճաններու, որ հոգեկան խնդիրներու, ընկերային հարցերու, նոյնիսկ ընտանեկան եւ ամուսնական հարցերու պատճառ կը դառնայ:
Վատ շնչահոտը տարբեր պատճառներ ունի, սակայն բարեբախտաբար եթէ ճշգրիտ ախտաճանաչումը կատարուի եւ անոր ճիշդ պատճառը յայտնաբերուի՝ անպայման առաջքը կ՚առնուի:
Ամէնէն շատ տարածուած պատճառը բնականաբար բերնի անբաւարար խնամքն է: Որեւէ պարագայի, վատ հոտի մը հիմնական պատճառը մաքրութեան պակասն է: Նկատած էք անշուշտ թէ ինչ կը պատահի եթէ մենք մեր շրջապատը մաքուր չպահենք: Ժամանակի ընթացքին, շրջապատին մէջ գտնուող աղբերը կը նեխին, հոն կը յառաջանան մեծ թիւով մանրէներ ու կը սկսի անտանելի գարշահոտ մը: Պատկերացուցէք թէ ինչ կ՚ըլլայ եթէ այս նոյն երեւոյթը մարդոց բերանին մէջ պատահի…: Յաճախ մարդիկ վատ շնչահոտէ գանգատելով կը դիմեն ատամնաբուժի, սակայն երբ ատամնաբուժը հարցնէ թէ ակռաները լաւ կը մաքրէ՞ք կամ ոչ, պատասխանը կ՚ըլլայ՝ «տոքթոր երբեմն կը մաքրեմ, բայց շաբաթ մը յետոյ նորէն կը սկսի…»: Այս պարագային անշուշտ խնդիրը լուծելը շատ դիւրին է. պարզապէս պէտք է առնել վրձինը եւ փոխանակ շաբաթը մէկ անգամ վրձինելու, օրական երկու անգամ լաւ մաքրել ակռաներն ու ամբողջ բերանը, մանաւանդ լեզուն ու ձերբազատիլ ոչ միայն վատ շնչահոտէն, այլ նաեւ ամէն տեսակ չար խօսքերէն:
Սակայն յաճախ այնպէս կը պատահի, որ ակռաները մաքրելէն քանի մը ժամ ետք, երբեմն նոյնիսկ վայրկեաններ ետք, վատ շնչահոտը դարձեալ կը յայտնուի: Այս պարագային խնդիրը արդէն լուրջ է ու պէտք է անմիջապէս դիմել ատամնաբուժի, գտնել վատ շնչահոտին ճշգրիտ պատճառը ու ստանալ համապատասխան բուժումը:
Անբաւարար մաքրութենէն ետք, վատ շնչահոտին երկրորդ ամէնէն շատ տարածուած պատճառը բերնին մէջ գտնուող փտած ակռաներն են: Փտած ակռաները քանի մը պատճառներով կրնան յառաջացնել վատ շնչահոտ:
Առաջին պատճառը այն է, որ յաճախ մեր կերած ուտելիքները կը մնան փտած ակռաներուն վրայ գտնուող փոսիկներուն մէջ եւ որքան ալ փորձենք մաքրել դուրս չեն գար: Այդ ուտելիքները մնալով այդ փոսիկներուն մէջ, կամաց-կամաց կը նեխին ու վատ հոտ կը սկսին յառաջացնել: Լուծումը դժուար չէ՝ անմիջապէս պէտք է դիմել ատամնաբուժի ու վերականգնել այդ փտած ակռաները:
Երրորդ պատճառը այն է որ երբեմն ակռաները այն աստիճանի կը փտին, որ անոնց տակ կամ շուրջը բորբոքում կը սկսի: Բորբոքումը եթէ անմիջապէս չբուժուի թարախի կը վերածուի իսկ թարախը չափազանց սուր ու անտանելի հոտ կ՚ունենայ :
Վատ շնչահոտի ուրիշ պատճառ են արուեստական ակռաները: Շատ մանրակրկիտ մաքրութեան պէտք է ենթարկել մանաւանդ շարժական ատամնաշարերը (Prothes):
Ամէն օր, պէտք է հանել զանոնք, լաւ մաքրել ու հականեխիչ հեղուկներով լուալ: Այլապէս ուտելիքը անոնց վրայ կը փակի, ժամանակի ընթացքին կը կարծրանայ ու անտանելի հոտի պատճառ կը դառնայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ոչ շարժական կամուրջներուն՝ անոնք շատ աւելի խնամքի պէտք ունին քան բնական ակռաները: Պէտք է միշտ ուշադիր ըլլալ որ արուեստական ակռաներուն ու լինտերուն միջեւ ուտելիքի մնացորդներ չմնան, պէտք է լաւ մաքրել, երբեմն պէտք յատուկ վրձիններ օգտագործել:
Բացի ակռաներէն, վատ շնչահոտի պատճառ կրնան հանդիսանալ նաեւ լեզուի ու լինտի հիւանդութիւնները: Այս երկուքին պարագային ալ հիմնական պատճառը դարձեալ մաքրութեան պակասն է: Անբաւարար մաքրութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ լինտերու բորբոքումի: Հոս շատ կարեւոր է նշել աղտոտ սննդանիւթերու օգտագործման պարագան: Երբ ուտելիքները, մանաւանդ պտուղներն ու բանջարեղէնները առանց լուալու կ՚ուտենք, անոնց վրայ գտնուող մանրէները անմիջապէս կը փոխադրուին մեր լինտերուն ու ակռաներուն վրայ: Շատ յաճախ այդ աղտոտ սննդանիւթերը պատճառ կը հանդիսանան լինտերու բորբոքումին, ինչպէս նաեւ սնկային հիւանդութիւններու, որմէ ամէնէն շատ կ՚ազդուի լեզուն: Լինտերու եւ լեզուի բորբոքումները, մանաւանդ սնկային հիւանդութիւնները իրենց իւրայատուկ հոտը ունին , որ բաւական անտանելի է ու մարդոց հետ շփումը կը դժուարացնէ, որովհետեւ զրուցակիցը ինքնաբերաբար երեսը կը ծռէ: Սակայն լուծումը այնքան ալ դժուար չէ՝ լաւ մաքրութիւնը եւ ատամնաբուժին կողմէ նշանակուած հակաբորբքային ու հակասնկային հեղուկներու եւ քսուկներու օգտագործումը կ՚անհետացնեն այդ հոտը ու կը վերադարձնեն ձեր զրուցակիցին ժպիտը:
Վատ շնչահոտի որպէս պատճառ շատ կարեւոր է նշել ծխախոտի, կլկլակի եւ ալքոլի օգտագործումը: Այս երեք վնասակար երեւոյթները յաճախ պատճառ կը դառնան լեզուի ու լինտերու բորբոքումներու եւ կը յառաջացնեն բերնի չորութիւն, որ ինքնին շատ յարմարաւէտ պայման մըն է բերանին մէջ մանրէներու բազմացման համար:
Վատ շնչահոտին պատճառ կրնան հանդիսանալ նաեւ տարբեր հիւանդութիւններ, ինչպէս կոկորդի եւ քիթի բորբոքումները, պրոնշիթը, ստամոքսի եւ աղիքներու բորբոքումները, լեարդի եւ երիկամունքներու որոշ հիւանդութիւններ եւն…: Այս պարագաներուն, ատամնաբուժը զննելէ ետք ձեր բերանն ու ակռաները եւ համոզուելէ ետք որ վատ շնչահոտին պատճառը կապ չունի ակռաներուն, լինտերուն կամ լեզուին հետ՝ ձեզ կը թելադրէ դիմելու համապատասխան մասնագէտին:
Որեւէ ատեն երբ կ՚անդրադառնաք թէ վատ շնչահոտէ կը տառապիք, բնաւ մի մտահոգուիք: Չէ, աւելի ճիշդը մտահոգուեցէք բայց իրար մի անցնիք: Անմիջապէս դիմեցէք ատամնաբուժի, որովհետեւ վատ շնչահոտը ինքնիրեն չ՚անցնիր, այլ ատամնաբուժի ու մասնագէտ բժիշկներու օգնութեամբ անպայման կը բուժուի ու ձեր ընկերային ու ամուսնական կեանքը ուրախ զուարթ կը շարունակուի: