Տարուան այս եղանակին ժահրային հիւանդութիւնները շատ տարածուած կ՚ըլլան, ուրեմն վարակումէ խուսափելու համար անհրաժեշտ է յաւելեալ միջոցներ կիրարկել դիմադրողական համակարգը ամրապնդելու եւ վարակման հաւանականութիւնը կարելի չափով նուազեցնելու համար: Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք վեց պարզ քայլեր, որոնք թոյլ կու տան պաշտպանուելու կռիփէն, պաղառութենէն եւ ժահրային այլ հիւանդութիւններէ:
Խոնաւցնել օդը
Մասնագէտներու համաձայն, տան օդի խոնաւութեան մակարդակը պէտք չէ 50 առ հարիւրէն վար ըլլայ, որովհետեւ խոնաւ օդը կ՚արգելակէ ժահրերու տարածումը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ժահրերը աւելի երկար կ՚ապրին եւ արագ կը բազմանան չոր օդին: Նաեւ՝ խոնաւութեան պակասին պատճառով, կը չորնան քիթի եւ կոկորդի լորձաթաղանթները, որուն հետեւանքով ժահրերը դիւրութեամբ կը յայտնուին մարմնին մէջ:
Եթերաիւղերու գործածութիւն
Շատ արդիւնաւէտ կը նկատուին նաեւ եթերաիւղերը: Կարելի է արոմալամբի մէջ լեցնել երկու կաթիլ ալոա վէրա եթերաիւղ, մէկ կաթիլ անանուխի եթերաիւղ եւ երկու կաթիլ մրտենիի եթերաիւղ: Այս իւղերու գոլորշիները մեծապէս կը նուազեցնեն օդին մէջ գտնուող ախտածին տարրերու քանակը՝ պաշտպանելով վարակումներէ:
Ֆիզիքական լաւ վիճակ
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ շաբաթական երկու-երեք անգամ մէկական ժամ մարզանքով զբաղող մարդիկ աւելի քիչ հակամէտ կ՚ըլլան ժահրային վարակումներու: Իբրեւ այլընտրանքային տարբերակ, մասնագէտները օրական կէս ժամ քալելու խորհուրդ կու տան:
Առողջ սննդականոն
Ժահրային վարակումներէ խուսափելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը մասնագէտները կը նկատեն դիմադրողական դրութեան ամրապնդումը սննդարար նիւթերով: Առաւել կարեւոր կը նկատուին վիթամին «Սի»-ն (նարնջազգի պտուղներ), սելենիումը (ընկոյզներ), վիթամին «Տի»-ն (ձուկի իւղոտ տեսակներ), զինքը (ոսպ) եւ երկաթը (կարմիր միս):