«C» կենսանիւթը կը նկատուի անփոխարինելի սննդանիւթ մը, որ անհրաժեշտ է օրկանիզմի ճիշդ աճին եւ հիւսուածքներու վերականգնումին, ինչպէս՝ մորթը: Քանի որ «C» վիթամինի նման նիւթերը օրկանիզմին մէջ չեն արտադրուիր, ապա զանոնք պէտք է ընդունիլ յաւելումներու կամ ուտելիքներու միջոցով` նարնջազգի, ելակ, բրքուկ (պրոքոլի), ինչպէս նաեւ՝ կարմիր եւ կանաչ պղպեղներ: Վիթամին «C»-ի ամէնօրեայ չափը կարելի է դասաւորել առողջ սնունդի օգնութեամբ, իսկ անբաւարարութէան պարագային՝ կարելի է յաւելումներ ընդունիլ: Նկատի ունենալով որ մարմինը վիթամին «C»-ն չի կուտակեր, ուստի անհրաժեշտ է թարմ պտուղներն ու բանջարեղէնը օգտագործել ամէն օր:
Վիթամին «C»-ի շուրջ ստեղծուած աղմուկը իր յստակ պատճառը ունի. ան իսկապէս կ’ազդէ մորթային բազմաթիւ երեւոյթներու վրայ, ինչպէս՝ խամրած երանգ, կնճիռներ, գերգունակաւորում եւ անհամաչափ երանգի այլ նշաններ, որոնք կրնան յառաջանալ արեւու ազդեցութէամբ:
Վիթամին «C»-ն ծանօթ է նաեւ իր հակաբորբոքիչ յատկութիւններով. ան կը նուազեցնէ ազատ «radical»-ներու վնասակար ազդեցութիւնը՝ յառաջացած գերմանիշակագոյն ճառագայթումի կամ ապականած օդին պատճառով: Վիթամինը կը սկսի վերականգնել բնական գործընթացը` նորոգելով վնասուած բջիջները` մորթին առողջ երանգին եւ փայլքին համար:
Միաժամանակ, վիթամին «C»-ն կը խափանէ մորթին մէջ մելանինի արտադրութիւնը եւ կը նուազեցնէ գունակաւորային հետքերու տեսանելիութիւնը` մորթին երանգը աւելի համաչափ եւ փայլուն դարձնելով:
Վիթամին «C»-ն կը խթանէ քոլաժենի եւ էլասթինի արտադրութիւնը, կ’երիտասարդացնէ մորթը եւ զայն կը դարձնէ աւելի հարթ եւ ձիգ: Վիթամին «C»-ի բացակայութէան պարագային, վէրքերը ուշ կը լաւանան:
Վիթամին «C»-ն արեւապաշտպան է, կ’օգնէ վիթամին «E»-ի պաշարի կլանումին, որ մորթին հիմնական հակաօքսիտընդն է:
Չմոռնանք նաեւ վիթամին «C»-ով հարուստ պտուղներով պատրաստուած դիմակները, որոնք կը բարելաւեն մորթին տեսքն ու առողջութիւնը:
ԱՐՔԱՅԱԽՆՁՈՐԻ ԴԻՄԱԿ
4 կտոր թարմ արքայախնձորը (անանաս) ճզմել 1 ճաշի դգալ ձիթաիւղի եւ 1 թէյի դգալ մեղրի հետ:
Խառնուրդը քսել դէմքին, ձգել 15 վայրկեան: Լուալ գաղջ ջուրով:
ԼԻՄՈՆԻ ԴԻՄԱԿ
Թարմ քամուած լիմոնի հիւթին աւելցնել աղացուած վարսակի փաթիլներ եւ խառնել մինչեւ համասեռ զանգուածի մը յառաջացումը: Դէմքը մաքրել եւ քսել: Ձգել զայն 20-25 վայրկեան դէմքին վրայ, ապա լուալ ջուրով: