Ուղղեցէ՛ք այս հարցումը եւրոպացիի մը:
– Տոքթ. Ք.- պիտի պատասխանէ ան, առանց դեդեւումի:
Եթէ սակայն ձեր խօսակիցը արեւելքցի մըն է, կամ ալ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ քաղաքներու բնակիչ մը, գրեթէ վստահօրէն պիտի չբաւականանայ միմիայն մէկ բժիշկ յիշելով, այլ՝ մեծ հպարտութեամբ պիտի շարէ տասնեակ մը մասնագէտներու անունները: Ուրիշ խօսքով, ձեր հարցումին պատասխանը չէք ստանար: Այդ մարդը «տան բժիշկ» կամ «ընտանիքի բժիշկ» բացատրութիւնը չի հասկնար, որովհետեւ կ՚անգիտանայ նման «մասնագէտի» մը գոյութիւնը: Արդարեւ, ընտանիքի բժիշկ մը ունենալու սովորութիւնը շատ քիչ տարածուած է Արեւելքի մէջ եւ արդէն կորսուած՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Տակաւին երկու դար առաջ, բժշկութիւնն ու վիրաբուժութիւնը, իբրեւ ուրոյն մասնագիտութիւններ իրարմէ ամբողջովին չէին զատուած: Բժիշկը միաժամանակ վիրաբոյժ էր եւ դայեակ, ի պահանջեալ հարկին՝ ատամնաբուժ:
Քանի՛ պատմութեան խորը թափանցենք, ա՛յնքան բացայայտ կ՚ըլլայ որ ատենօք, ի՛նքը, բժշկութիւնն ալ մասնագիտութիւն չէր: Այն իմաստով, որ չէր կազմեր անձի մը միա՛կ զբաղումը: Աշուղը, գրագէտը, գիտունը, իմաստասէրը, ի միջի այլոց կը զբաղէին նաե՛ւ բժշկութեամբ: Իսկ նախապատմական շրջաններուն ընդհանրապէս կրօնքի պաշտօնեաներն ու կախարդներն էին, միաժամանակ, «բժիշկ»:
Սակայն դարերու ընթացքին, մարդկութիւնը գիտելիքներու այնպիսի պաշար մը դիզեց, որ մէկ մարդու համար ա՛լ անկարելի կ՚ըլլայ սեփականացնել զայն: Եւ այսպէս, իրերու բերմամբ, բժշկութիւնը զատուեցաւ նախ կրօնագիտութենէն, յետոյ իմաստասիրութենէն, շատ աւելի ուշ՝ վիրաբուժութենէն, եւ վերջին կէս դարու ընթացքին ծնունդ տուաւ քանի մը տասնեակ մասնագիտութիւններու: Այս իմաստով, կարելի է ըսել որ Նիւ Եորքի մէջ այսօր գրեթէ բժիշկ չկայ: Այո՛, կա՛ն ակնաբոյժներ, ատամնաբոյժներ, յիմարաբոյժներ, մորթային, երիկամնային, սիրտի, թոքերու եւ այլ հիւանդութիւններու մասնագէտներ միայն: Նոյնիսկ վիրաբուժութիւնը կը հաշուէ առնուազն ութ ստորաբաժանումներ: Պատմական այս երեւոյթը՝ հետեւանք գիտութեան զարգացումին, կարելի է նկատել նաեւ ուրիշ մարզերու մէջ բնագիտութիւն, քիմիաբանութիւն, նոյնիսկ իրաւաբանութիւն, հնագիտութիւն, պատմաբանութիւն, եւն.: Եթէ այսպէս շարունակուի, հարիւր տարի ետք պիտի ունենանք ա՛յնքան մասնագէտ, որքան հիւանդութիւն…:
Անկասկած մասնագէտները անհրաժեշտ են բժշկութեան համար: Սակայն եթէ միմիայն մասնագէտներ ունենայինք, ո՞վ պիտի համադրէր անոնց իւրաքանչիւրին կարծիքը, տրուած մէկ հիւանդին մասին: «Նման համադրութիւն մը չի գոյանար զանազան մասնագէտներու մէկ սեղանի շուրջ բոլորուելովը միայն: Անիկա կ՚իրականանայ ո՛չ թէ խումբի մը, այլ՝ մէկ մարդու ջանքով: Արուեստագէտներու խումբ մը երբեք չէ կրցած գլուխ-գործոց մը յղանալ», կ՚ըսէ Ա. Քառէլ:
Ամենակարեւոր դերը վիճակուած է ուրեմն ոչ-մասնագէտ բժիշկին: Այդ լայն ընդհանուր զարգացում եւ փորձառութիւն ունեցող բժիշկն է, որ ի պահանջեալ հարկին դիմելով մասնագէտներու կարծիքին, պիտի կատարէ ախտաճանաչումը եւ դարմանումը:
Թող չկարծուի որ միշտ անհրաժեշտ է այդ մասնագէտներուն կարծիքը: Հարիւր հիւանդութիւններու վրայ ութսունհինգը կրնան կատարելապէս դարմանուիլ միայն եւ միմիայն ընտանիքի բժիշկիկն կողմէ: Նիւթական հսկայ խնայողութիւն մը, որովհետեւ միջակ քաղաքացիին պիւտճէն չի կրնար, պարզ գլխացաւի մը համար, արեան բազմածախս քննութիւններու փոխարժէքը եւ քանի մը մասնագէտներու այցեգինը գոցել:
Արեւելքի մէջ տակաւին մասնագէտներն են պակաս: Իսկ Ամերիկայի մէջ անոնց անբնական բազմացումը, զուգահեռ ընտանիքի բժիշկ ունենալու սովորութեան անհետացումին, իրական վտանգ մը կը ներկայացնէ: Տոքթ. Վինկէյթ Ճոնսըն, ամերիկացի մը, կը մատնանշէ վտանգը եւ անոր առաջքը առնելու համար կ՚առաջարկէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ բարոյապէս եւ նիւթապէս օգնէ ոչ-մասնագէտ ընտանիքի բժիշկներուն:
Եթէ տակաւին մեզի… նման վտանգ մը չի սպառնար, պէտք չէ նաեւ ստորագնահատել ժողովուրդին մէջ արմատացած կարգ մը սովորութիւններուն վնասը. սովորութիւններ՝ որոնք կը յանգին, արեւելքի մէջ, արտակարգ երեւոյթնեու: Արդարեւ, ընտանիքի բժիշկի մը չգոյութեան պատճառով, այդ համադրական ճիգը, որուն մասին կը խօսէինք, կը կատարուի… ընտանիքին կողմէ: Ահա՛ թէ ինչպէս:
Յակոբիկը կը ճանչնա՞ք: Չեմ ուզեր ձեր արժանապատւութիւնը ուղղակի վիրաւորել. ուրեմն Յակոբիկը ձեր տղան կամ եղբայրը թող չըլլայ, այլ՝ դրացիին տղան…
Յակոբիկը հիւանդ է: Փորը կը ցաւի: Հայրիկին, մայրիկին մէ՜կ հատիկ, խե՜ղճ Յակոբիկը: Անոր մեծհայրը ինչպէ՞ս դիմանայ այդ ցաւին:
– Տղան «ձեռքէ ելաւ», շո՛ւտ բժիշկ մը…
Կու գայ բժիշկը: Կը քննէ, դեղագիր մը կու տայ եւ կ՚երթայ: Ի՞նչ կը կարծէք, անմիջապէս այդ դեղագիրը շինե՞լ պիտի տան: Միամի՜տ էք: Յակոբիկին հայրը շուկայի ծեր աղուէս մըն է: Այդպէս, դիւրին դիւրին իր ժառանգորդին փորի ցաւը նորելուկ բժիշկի մը տուած «ջուրին չի ձգեր»…:
– Անցեալ տարի հօրեղբօր ոտքը ուռած ատեն Տոքթ. Ա.ը բերած էինք: Շատ ճարպիկ մարդ է: Կը յիշէ՞ք, ասեղ մը տուաւ, աղէկցուց: Անգամ մըն ալ զինք բերենք, տեսնենք ի՞նչ պիտի ըսէ:
Կ՚երթան բժիշկը կանչելու: Մինչ այդ, Ովսաննա մայրիկին յանձնարարութեամբ քար մը կը տաքցնեն եւ կը դնեն հիւանդին փորին վրայ: Կը խմցնեն փոքր գաւաթ մըն ալ ձէթ:
– Մեր գիւղը միշտ այսպէս կ՚ընէինք. ո՛չ հիւանդութիւն գիտէինք, ո՛չ ալ ցաւ: Հի՛մա կ՚աղէկնայ, կը վճռէ Ովսաննա մայրիկը:
Կու գայ բժիշկ Ա.ը: Կը քննէ, գլուխը կ՚օրօրէ խորհրդաւոր շարժումով մը եւ կը գրէ դեղագիրը.
– Օրը երեք դեղահատ կու տաք եւ միմիայն կաթ ու մածուն կը կերցնէք, բան մը չէ, քանի մը օրէն կ՚անցնի:
Ըսի չէ՞: Յակոբիկին հայրը հին աղուէս մըն է: Հասկցողի մը լրջութեամբ, մեծ խնամքով, երկու դեղագիրներ կը քննէ եւ համոզում կը գոյացնէ որ այդ բժիշկներուն ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը հասկցած են իրենց մէկ հատիկին «տէրտը»: Փա՞ստ: Դեղագիրները… իրարու չեն նմանիր: Երկու տարբեր դեղեր, մէկը՝ «ջուր», միւսը՝ «հապ»…:
– Չեմ գիտեր ինչու, սակայն ինծի այնպէս կու գայ որ այդ հապերը լա՛ւ պիտի գան. մայրն է որ կը խօսի (կնոջական նշանաւո՜ր յայտնատեսութիւնը՝ intuition):
Ի չգոյէ լաւագոյնի, ընտանեկան խորհուրդը կ՚որոշէ այդ դեղահատերը անգամ մը փորձել:
Յաջորդ առաւօտ Յակոբիկը տակաւին չէ առողջացած:
– Ես քեզի չըսի՞. սա բժիշկ ըլլալիքները բան մը չհասկցան: Եկէ՛ք, ինծի մտիկ ըրէք, անգամ մըն ալ Տոքթ. Բ.ը կանչենք. զինք շատ կը գովեն…:
Եւ այսպէս, այդ տխուր զաւեշտը կ՚երկարի համաձայն ընտանիքին դրամական կարողութիւններուն կամ ալ բարեկամ (իմա՛, ձրի այցելող) բժիշկներու շրջանակին:
Հաւատացէ՛ք, որեւէ չափազանցութիւն չկայ այս նկարագրութեան մէջ: Իրականութիւնը յաճախ շատ աւելի՛ հարուստ է եւ գունագեղ: Հետաքրքրութիւններ գոհացնելու մտադրութեամբ՝ մասնաւոր ջանքով ընտրուած հազուագիւտ պարագայ մըն ալ չէ աս, այլ ամէն օրուան հասարակ իրականութիւն:
Եթէ վերլուծենք տիրող մտայնութիւնը պիտի գտնենք երկու կարեւոր տարր:
Նախ՝ տարօրինակ, աններելի, ընդվզեցնող թեթեւութեամբ բժիշկ փոխելու ձգտում մը:
Յետոյ, անվստահութիւն բժիշկներու թէ՛ գիտութեան, եւ թէ, դժբախտաբար, խղճմտութեան վրայ:
Եթէ պատասխանատւութեան փոքր բաժին մը ունին բժիշկները, անկասկած որ ստեղծուած կացութեան մեծագոյն պատասխանատուն հանրութիւնն է, որ չէ ըմբռնած ընտանիքի բժիշկի մը կարեւորութիւնը.- ինչպէս կ՚ըմբռնեն եւրոպացիները, կամ ինչպէս կ՚ըմբռնէր, ատենօք, Պոլսոյ հայութիւնը:
Իրապէս խե՜ղճ Յակոբիկը, եթէ ընտանիքի բժիշկ մը ունենար, շատ աւելի քիչ ծախսով, շատ աւելի քիչ ժամանակի մէջ եւ մանաւանդ շատ աւելի խելացի կերպով պիտի դարմանուէր:
Տան բժիշկը ճանչցած ըլլալով Յակոբիկին ծնողքն ու ընտանեկան շրջանակը, լաւ գիտէ ժառանգական հիւանդութիւններն ու ախտային հակամիտութիւնները, որոնք կրնան ազդել իր փոքրիկ հիւանդին վրայ: Նախ եւ առաջ անո՛նց նշաններն է որ կը փնտռէ՝ իբր անմիջական հաւանականութիւններ: Ուրիշ բժիշկի մը համար դժուար է հարցուփորձով ընտանեկան անցեալը քննել: Որովհետեւ նախ կը դժուարանան ամէն հարցումի պատասխանելու, եւ յետոյ իրենց անկարեւոր թուած մէկ մանրամասնութիւնը (զոր չեն յայտներ) կրնայ մեծ նշանակութիւն ունենալ:
Տան բժիշկը Յակոբիկը կը ճանչնայ ծնած իսկ օրէն: Լաւ գիտէ անոր կազմը եւ ցարդ անցուցած հիւանդութիւնները: Ծանօթ է անոր դիմադրական ուժին եւ կարելիութիւններուն: Այս տուեալները անգին են: Անոնց վրայ յենած, բժիշկը իրական կարծիք մը կրնայ կազմել ներկա՛յ հիւանդութեան աւելի կամ պակաս ծանրակշիռ բնոյթին վրայ:
Երկար տարիներու ծառայութեամբ, ընտանիքին բժիշկը կը դառնայ այլեւս անոր անդամը: Օտար մը չէ ան, այլ մտերիմ խորհրդական մը, որուն կարելի է «բացուիլ» եւ վստահիլ ամէն գաղտնիք: Փոխադարձ վստահութեան այս մթնոլորտը կը նպաստէ փարատելու շատ մը դժուարութիւններ, որոնք կը թունաւորեն սովորական բժիշկի եւ հիւանդի յարաբերութիւնները: Վստահութիւնը կը յառաջացնէ հնազանդութիւն: Կէտ առ կէտ կատարելով բժիշկին խրատները եւ կատարելով մի՛միայն զանոնք, հիւանդին ընտանիքը առաջքը առած կ՚ըլլայ դարմանական ցաւալի խաչաձեւումներու:
Վստահութիւնն ունենալ որ ձեր սիրելի հիւանդը կը դարմանուի ընտանիքի բժիշկին հայրակա՛ն ձեռքով: Վստահութիւնն ունենալ որ անիկա, ի պահանջել հարկին անմիջապէս պիտի յանձնարարէ առնել մասնագէտի մը կարծիքը եւ հիւանդին ապաքինման համար շռայլել գիտութեան բոլոր միջոցները:
Ահա՛ այն անփոխարինելի բարիքը, զոր կրնաք վայելել ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ ՁԵՐ ՏԱՆ ԲԺԻՇԿԸ: