ՏԱՅՄԸՆ ՐԸՆԵԸՆ
Թարգմ. Յ.Գ. Ճէտիտեան
Տոքթ. Պրէքէթ ազնուաբարոյ մարդ մըն էր, բարեկիրթ, բարեսիրտ եւ բարեգութ: Մեր քաղաքին մէջ շատ ուրիշ բժիշկներ կային, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը, տարուան մը ընթացքին, թիւով անոր կիսուն չափ հիւանդներու հոգատարութիւնը կը ստանձնէր եւ կը բուժէր զանոնք, եւ այս՝ այսպէս էր ոչ թէ քանի մը տարուան համար, այլ բազմաթիւ տարիներ: Այսուհանդերձ, միշտ ալ աղքատ մնաց ան, որորվհետեւ ան բժիշկն էր առաւելապէս ընչազուրկ եւ անկուտի աղքատներու եւ տնանկներու:
Ձմրան ամէնէն ցուրտ գիշերներ, նոյնիսկ կէս գիշերէն վերջ, ան ուրախութեամբ կ՚ելլէր, կը հագուէր եւ 20 մղոն կը ճամբորդէր՝ դարմանելու համար խեղճ հիւանդ կին մը, կամ անոր փոքրիկ մանկիկը, եւ կամ կարել կարկտելու համար վէրքերը մարդուկի մը, որ արկածի մը հանդիպած էր գիշերուան այդ ժամերուն:
***
Մեր քաղաքին մէջ մարդ մը չկար, որ չգիտնար Տոքթ. Պրէքէթին գրասենեակին ուր ըլլալը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան առաջին յարկի վրայ եւ առաջնակարգ ու շատ բանուկ փողոցի մը ուշագրաւ մէկ անկիւնը չէր հաստատուած: Պր. Րայսի հին հագուստներու վաճառատան վերի յարկին ետեւի կողմն էր անոր գրասենեակը:
Հոն առաջնորդող նեղ սանդուխներուն վարի ծայրը, վաճառատան մուտքին մէկ կողմը, ճերմակ յատակի վրայ սեւ գիրերով նշանատախտակ մը կար, սա պարզուկ վերտառութեամբ.-
«Տոքթ. Պրէքէթ: Գրասենեակը կը գտնուի վերնայարկը»:
Տոքթ. Պրէքէթ ամուրի մնացած էր: Տեսէ՛ք թէ ինչու: Ան նշանուած էր մեր քաղաքի դրամատուներէն մէկուն նախագահին գեղանի աղջկան՝ Օր. Էլվիարա Քրօմուէլի հետ, սակայն երբ ամուսնութեան օրը եւ Սբ. Պսակի ժամը հասած էր, ան հեռաձայնով մերձակայ գիւղ մը կանչուած էր դարմանելու համար խեղճուկ մեքսիքացի ընտանիքի մը մահամերձ մանկիկը: Օր. Էլվիրան չափազանց զայրացած էր այդ հանդիսաւոր ժամուն զինքը՝ նոյն իսկ առժամապէս լքած ըլլալուն համար եւ այլեւս մերժած էր ամուսնանալ անոր հետ: Ան տրամաբանած էր, թէ մարդ մը որ մեքսիքացի մանկիկ մը դարմանելը աւելի կարեւոր գործ մը կը սեպէր քան բուն իսկ իր ամուսնութիւնը, լաւ ամուսին մը չէր կրնար ըլլալ:
Մեր քաղաքին մէջ շատ շատեր, մասնաւորաբար գրեթէ բոլոր կիները, համաձայն էին Օր. Էլվինայի տուած դատավճիռին: Սակայն, երբ մեքսիքացի մանկիկը ստոյգ մահէ ազատեցաւ, անոր աղքատիկ ծնողքը չափազանց երախտապարտ զգաց Տոքթ. Պրէքէթին հանդէպ:
***
Քառասուն երկար տարիներ, մեր քաղաքին հաշմանդամները, կաղերն ու կոյրերը, խոցոսներն ու բորոտները, կերպ կերպ հիւանդութիւններով տառապողները, եւ մասնաւորաբար թէ՛ հիւանդ եւ թէ աղքատ ըլլալով յուսալքուածները դիմեցին դէպի Պր. Րայսի հին հագուստներու վաճառատունը եւ անոր մուտքին քովիկը գտնուող նեղ սանդուխներէն վեր մագլցելով՝ մտան Տոքթ. Պրէքէթի գրասենեակը, վերի յարկին վրայ: Եւ ան ոչ ոք ետ դարձուց՝ առանց ակնկալուած խնամքն ու դարմանը, խրատն ու քաջալերանքը սիրայօժար տալու անոնց:
Տոքթորը ապրեցաւ եւ 70 տարեկան ալեւոր մը եղաւ, սիրուած եւ յարգուած՝ մեր քաղաքին ամբողջ բնակչութեան կողմէ: Օր մըն ալ, երբ իր գրասենեակին բազմոցին վրայ երկնցած էր հանգիստի համար, քնացաւ եւ ա՛լ չարթնցաւ…: Հոծ բազմութեամբ փառաւոր յուղարկաւորութիւն մը ունեցաւ ան: Մեր քաղաքին համայնքը ամբողջ կ՚ողբար իր բարեկիրթ եւ բարեգութ բժիշկը եւ եկած էր յարգանքի իր վերջին տուրքը տալու անոր: Իսկապէս, հազուադէպօրէն բացառիկ յուղարկաւորութիւն մըն էր անորը: Կարծես թէ մեր քաղաքին ամբողջ բնակչութենէն ո՛չ մէկ անհատ իսկ բացակայ էր:
***
Անոր թաղումէն վերջ, զրոյց կար, որ հանգանակութիւն մը բացուէր եւ դրամ գոյացուէր էր, որպէսզի անոր գերեզմանին վրայ տապանաքար մը դրուէր որպէս յուշարձան: Այդ զրոյցը յանգեցաւ միայն բանավէճի մը, որուն նիւթն էր, թէ ի՛նչ պիտի գրուէր այդ տապանաքարին վրայ: Վիճաբանութիւնը երկարեցաւ եւ բուն խնդիրը ձգձգուելով գործնական ոչինչ մէջտեղ եկաւ:
Օր մըն ալ մեռելաթաղը՝ Ճորճ Կրպըր ըսաւ թէ Տոքթ. Պրէքէթի յուշարձանը կանգնած էր անոր գերեզմանին վրայ, պատշաճ վերտառութեամբ մը: Մեռելաթաղը բացատրեց թէ ծնողքը մեքսիքացի մանկիկին, զոր Տոքթ. Պրէքէթ ստոյգ մահէ փրկած էր, չափազանց մտահոգ եղած էին՝ վախնալով թէ անոր գերեզմանը առանց տապանաքարի պիտի մնար: Եւ քանի որ շատ աղքատ էին եւ դրամ չունէին, ուստի անոր գրասենեակին նշանատախտակը առած եւ տարած զետեղած էին անոր գերեզմանին վրայ:
Ճերմակ յատակի վրայ սեւ գիրերով վերտառութիւնն էր.-
«Տոքթ. Պրէլէթ: Գրասենեակը կը գտնուի վերնայարկը»: