Մարմնի առողջութիւնը կախեալ է նաեւ սնունդի որակէն։ Ոսկորներու առողջութեան պատասխանատուն քալսիումն է, որ կը մասնակցի օրկանիզմի կարեւորագոյն գործընթացներուն: Քալսիումի մեծ պաշարներ կան կաթի, պանիրի, մածունի, ընկուզեղէնի, ձկան, սերմերու եւ ընդեղէններու, հացահատիկներու, նուշի, կանաչ ոլոռնի, նարնջի հիւթին մէջ:
Դուք քալսիումի պակաս ունիք, եթէ ձեր մկանները կը ցաւին: Նախանշաններ են նաեւ արեան բարձր ճնշումը, նախադաշտանային ցաւերը, օսթէոփորոզը, լինտերու հիւանդութիւնը, ակռաներու կորուստը, անքնութիւնը: Յաճախ երեխաները կը տառապին ռախիտ հիւանդութեամբ, որուն հետեւանքով, հիւանդները կ՚ունենան ծուռ ոտքեր, ներս ինկած կրծքավանդակ, ռախիտի հետեւանքով այլանդակած կողեր. այս նշանները ցոյց կու տան, որ մայրը եւ ծնելէ յետոյ՝ երեխան բա-ւարար քանակութեամբ քալսիում չեն ստացած:
Ծանօթանանք քալսիումի օգտակար յատկութիւններուն:
Քալսիումը կ՚ամրացնէ ողնաշարը, կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ՚ապահովէ ողնաշարի ճիշդ ձեւաւորումը:
Քալսիումը կ՚օգնէ տղամարդոց եւ կիներուն՝ պահպանելու մարմնի ճիշդ կշիռքը:
Քալսիումը կը պաշտպանէ սրտի մկանները:
Քալսիումի ճիշդ քանակութեան պարագային կը հանգստանան սրտի մկանները։ Համապատասխան քանակութեամբ գալսիում ընդունելով՝ կրնաք կանխել հաստ աղիքի քաղցկեղը։
Քալսիումի համապատասխան քանակը կը նուազեցնէ նախադաշտանային նշանները՝ գլխապտոյտը, տրամադրութեան խախտումները, բարձր ճնշումը եւ այլն:
Քալսիումի քիչ քանակը կը նպաստէ այն հորմոններու յառաջացումին, որոնք պատասխանատու են նախադաշտանային տրամադրութեան տատանումներու, գրգռուածութեան եւ ընկճախտի համար:
Քալսիումը կը պաշտպանէ ատամները՝ ծնօտի ոսկորը ամուր եւ կայուն կը պահպանէ ամբողջ կեանքի ընթացքին, որուն շնորհիւ ակռաները իրարու ամուր կը կպչին՝ չարտօնելով պաքթիրիաներուն ներթափանցելու այնտեղ: Այսպիսով, եթէ կը ցանկանաք առողջ ատամներ ունենալ, ապա անհրաժեշտ է քալսիումով հարուստ սննդականոն ընդունիլ: