Հետազօտողները ձեւակերպած եւ վաւերացուցած են մեքենայական ուսուցման (բազմաթիւ ալկորիթմներ մէկտեղող «software» մը կամ «program» մը) մեթոտ մը, որուն ճամբով անոնք կրնան կանուխէն յայտնաբերել քաղցկեղը` աւելի փոքր արեան նմուշներու միջոցով, կը յայտնէ նոր ուսումնասիրութիւն մը, որ հրապարակուած է «Science Translational Medicine» ամսաթերթին մէջ, 24 Յունուար 2024-ին:
«Բազմաթիւ փաստեր ցոյց կու տան, որ քաղցկեղը, երբ ուշ յայտնաբերուի, կը սպաննէ մարդը: Այս նոր արհեստագիտութիւնը մեզ աւելի կը մօտեցնէ աշխարհի մը, ուր մարդիկ ամէն տարի արեան քննութիւն կատարելով` քաղցկեղը կանուխէն կրնան յայտնաբերել, այն փուլին՝ երբ ան աւելի դարմանելի եւ աւելի բուժելի կը դառնայ», – կ’ըսէ Քրիսթիան Թոմասեթթի, հետազօտութեան գրառման հեղինակը եւ Յոյսի Քաղաքի («City of Hope») քաղցկեղի կանխարգիլման եւ կանուխ յայտնաբերման կեդրոնի տնօրէնը, մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ:
Ան կը բացատրէ, որ երբ կրծքագեղձի քաղցկեղը կը յայտնաբերուի առաջին փուլին, մարդոց 99 տոկոսը կը գոյատեւէ յաջորդ հինգ տարիներուն, բայց երբ ան յայտնաբերուի 4-րդ փուլին, եւ այլեւս տարածուած է, գոյատեւումը կը նուազի մինչեւ 31 առ հարիւրով: Անոնք օգտագործած են ալկորիթմ մը, որ կը կոչուի «Alu Profile Learning Using Sequencing (A-Plus»): Փորձը կատարուած է 5980 հոգիէ առնուած 7657 նմուշներու վրայ, ներառեալ՝ կրծքագեղձի, հաստ աղիքի, ուղիղ աղիքի, խռչափողի, թոքերու, լեարդի, ենթաստամոքսային գեղձի, ձուարաններու եւ ստամոքսի քաղցկեղները:
Անոնց մշակած արհեստագիտութիւնը յաջողած է բացայայտել քաղցկեղի սերտուած 11 տեսակներուն կէսը: Քննութեան արդիւնքները ճշգրիտ էին. իւրաքանչիւր 100 քննութենէն միայն մէկը սխալած է իր դրական պատասխանով: Քաղցկեղի նմուշներուն մեծ մասը առնուած են կանուխ փուլերու մէջ գտնուող հիւանդ անձերէ:
Երբ բջիջները կը մահանան, անոնց «DNA»-ը կը մտնէ արեան մէջ: Քաղցկեղի ազդանշանները կարելի է գտնել բջիջներէ զերծ այս «DNA»-ին մէջ («cfDNA»): Հետազօտողները կեդրոնացած են քաղցկեղի կրկնուող շրջաններու մասնատման ձեւերուն եւ բնական «cfDNA»-ի վրայ` զայն դարձնելով աւելի արդիւնաւէտ քան աւանդական մեթոտները:
Թոմասեթթիի համաձայն, այս մասնատուած մօտեցումը կը պահանջէ շուրջ ութ անգամ նուազ արիւն, քան ամբողջ «genome»-ի (բջիջին մէջ գտնուող «DNA»-ի հրահանգներու ամբողջ փաթեթը) յաջորդականութեան ճշդումի ձեւը:
«Մեր թեքնիքը աւելի գործնական է դարմանական կիրարկութիւններու համար, որովհետեւ ան կը պահանջէ արիւնէն առնուած աւելի նուազ քանակութեամբ ժենոմային նիւթ»,- կ’ըսէ Քամել Լահուել, հետազօտութեան գրառման օգնական հեղինակը եւ «Tgen» հիմնարկի («Translational Genomics Research Institute») փրոֆէսորներէն մէկը: «Այս մարզին մէջ շարունակուող յաջողութիւնները եւ դարմանական դրական արդիւնքները ճամբան կը հարթեն սովորական քննութիւններու՝ քաղցկեղը իր կանուխ փուլերուն յայտնաբերելու համար»:
Թոմասեթթի եւ իր աշխատակիցները 2024-ին կը ծրագրեն դարմանական փորձարկումներ կատարել, որոնց նպատակն է մասնատման մեթոտը («fragmentomics») համեմատել ու համադրել ներկայիս կիրարկուող մեթոտին հետ՝ կեդրոնանալով 65-75 տարեկան անձերու վրայ: Հեռանկարային այս փորձարկումները նպատակ ունին գնահատելու նոր արհեստագիտութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ քաղցկեղը կանուխ փուլերու մէջ բացայայտելու նպատակով:
Հետազօտութիւնը կատարուած է Յոյսի Քաղաքի («City of Hope» – քաղցկեղի հետազօտման եւ դարմանումի մեծագոյն կազմակերպութիւններէն մէկը Մ. Նահանգներու մէջ) եւ «Tgen» հիմնարկի միացեալ ճիգերով: