Շատեր իսկապէս պիտի զարմանան, երբ լսեն խնձորի սերմերու, բալի կորիզներու եւ ծիրանի կուտերու օգտագործման մասին, որովհետեւ անոնք որոշ քանակութեամբ սայէնայտ կը պարունակեն:
Վերջին շրջանին կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ նոյնինքն այդ կուտերը կը հանդիսանան այն դարմանը, որուն երկար ատենէ ի վեր կը սպասէր մարդկութիւնը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք կը պարունակեն սայէնայտ, որ թունաւոր է, փաստերը կը վկայեն, որ անոնց մեծ քանակով օգտագործումը միայն կրնայ վնաս հասցնել մարդկային օրկանիզմին:
Ի յայտ կու գայ, որ քանի մը ամիս շարունակ ծիրանի կուտերու օգտագործումը կը բարձրացնէ քաղցկեղի բուժման հաւանականութիւնը:
Սայէնայտը կը պարունակէ ամիկտալին: Քաղցկեղի բջիջները կը ծծեն ամիկտալինը, որովհետեւ անոնք քաղցրուցի (glucose) կարիք ունին, իսկ ամիկտալինը կը պարունակէ քաղցրուց եւ այդ միջոցին ամիկտալին պարունակող սայէնայտն ու պենզալտէհայտը (benzaldehyde) իրենց կարգին կ՚ոչնչացնեն քաղցկեղի բջիջը: Կը պատահի այն, որ ամէն անգամ երբ քաղցկեղի բջիջները ծծեն ամիկտալինի գաղցրուցը՝ անոնք կ՚ոչնչանան:
Հակառակ անոր, որ ծիրանի կուտին հետ կատարուած հետազօտութիւնները դրական արդիւնք տուած են, այսուհանդերձ հետազօտութիւններ տակաւին երկար ճամբայ ունին կտրելիք, եւ հաւանական է, որ վերջապէս կը յայտնաբերուի քաղցկեղի բուժման միջոցը, որուն անհամբերութեամբ կը սպասէ մարդկութիւնը: