Ախտամերժ մէկ բջիջ:
Կ՚ենթադրուի որ CAR T բջիջային բուժման միջոցով այս փոքրիկ բայց հզօր կենսուժը կրնայ գտնել եւ ոչնչացնել ուռուցքային բջիջները:
Քաղցկեղի ուսումնասիրութեան եւ դարմանումի ամէնէն խոստմնալից մարզերէն մէկը կը նկատուի ախտամերժ բուժումը (immunotherapy), երբ հիւանդին սեփական ախտամերժ համակարգը (immune system) կը ներառնուի քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ: Այս մօտեցումը միայն պարզ ուսումնասիրութեան առարկայ մը չէ Յոյսի Քաղաքին (City of Hope)՝ Մ. Նահանգներու եւ Քալիֆորնիոյ, հաւանաբար աշխարհի մեծագոյն քաղցկեղի ուսումնասիրութեան եւ դարմանումի կեդրոններէն մէկուն մէջ: Անիկա ներկայիս էական մասը կը կազմէ արագ զարգացող հետազօտութիւններու եւ դարմանական փորձարկումներու:
Յոյսի Քաղաքը կը շարունակէ պահել իր յառաջապահ դիրքը ախտամերժ բուժումի հզօր ձեւի մը զարգացման, որ ծանօթ է «CAR T բջիջային դարմանում» անունով: Այս մօտեցման մէջ, բժիշկներուն աշխատանքը կը սկսի հիւանդէ մը առնուած արեան ճերմակ գնդիկներով (ծանօթ իբրեւ T բջիջներ): Այս ճերմակ գնդիկներուն վրայ անոնք կ՚աւելցնեն տարրալուծարանային պատրաստութեամբ քիմիական հակաթոյն ընկալիչներ`«CAR»ը « CAR T» բջիջին մէջ:
Այս յաւելումը առիթ կ՚ընծայէ բջիջներուն յայտնաբերելու որոշ քաղցկեղ մը՝ հետեւելով սպիտակուցի (protein) ժամանակագրական շարժումին: Բժշկարար բջիջները տարրալուծարանին մէջ կարելի կ՚ըլլայ աճեցնել միլիառներով, եւ ապա՝ զանոնք վերստին ներարկել հիւանդին: Վերադառնալով ախտամերժութեան կռիւի թատերաբեմ՝ անոնք կը պայքարին քաղցկեղին դէմ՝ առանց վնասելու առողջ հիւսկէններուն:
Այն հիւանդութիւնները, զորս Յոյսի Քաղաքի բժիշկներն ու գիտնականները կը փորձեն դարմանել CAR T բջիջային դարմանումի միջոցով, կ՚ընդգրկեն աւշուռոյցը (lymphoma), արեան եւ ուղեղային քաղցկեղներ (leukemia եւ glioblastoma), որոնց կ՚ընկերանան փորձեր պինդ ուռուցքներու ուղղութեամբ այս տարուընէ սկսեալ: glioblastomaի (ուղեղի չարորակ ուռուցքի տեսակ մը) վերաբերեալ կատարուած CAR Tի փորձարկումները իրենց տեսակով առաջինն էին աշխարհի մէջ՝ վերամշակուած CAR T բջիջները ուղղակիօրէն ներարկելով ուռուցքի վայրին, ինչպէս նաեւ՝ ուղեղի եւ ողնածուծային հեղուկին մէջ: Այս նիւթին շուրջ, 2016-ին, պարագայի մը մասին տեղեկագրութիւն հրապարակած էր New England Journal of Medicine-ը:
CAR T բջիջային դարմանումի մարզին մէջ յառաջդիմելու Յոյսի Քաղաքին յաջողութեան գրաւականը կը նկատուի հիւանդին հանդէպ անոր ցուցաբերած խնամատարական աւանդը` ոչ միայն հիւանդութիւնը դարմանելու իր փորձով, այլեւ՝ հիւանդին նկատմամբ հոգատարական կեցուածքով: Կեդրոնը կ՚ընդգրկէ հետազօտողներ, գիտնականներ, բժիշկներ, հիւանդապահուհիներ եւ մահուան դէմ պայքարող հիւանդներու հոգատարութեամբ զբաղող մասնագէտներ, որոնցմէ, իւրաքանչիւրը ճիգ չի խնայեր երկարելու հիւանդին կեանքը եւ զայն դարձնելու աւելի լիարժէք ու ամբողջական:
Հակառակ այն իրողութեան, որ քննութեան տակ են քաղցկեղի բազմաթիւ տեսակներու բուժման կարելիութիւնները, CAR T ախտամերժ բուժումը այժմ կ՚օգտագործուի միայն որոշ հիւանդներու պարագային, ինչպէս` հիւանդութիւնը վերանորոգած անձեր, կամ անոնց պարագային որոնք փորձած են այլ ձեւի բուժման միջոցներ, բայց չեն օգտուած: