ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՐԵՐ
Վերջերս Հայաստան այցելեցին Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւ Կորիզային Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան ներկայացուցիչները` Armenia imPACT Review առաքելութեան շրջագիծին մէջ:
Այցելութեան նպատակն էր խորհրդակցական օժանդակութիւն տրամադրել քաղցկեղի դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան մշակման աշխատանքներուն մէջ:
Միջազգային մասնագէտները հանդիպում մը ունեցան առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական օգնութեան քաղաքականութեան վարչութեան անձնակազմին հետ: Անոնք քննարկումներ ունեցան նաեւ հայ մասնագետներու հետ, ինչպես նաեւ՝ այցելութիւններ տուին ուռուցքաբանական ծառայութիւններ մատուցող բժշկական կազմակերպութիւններու:
Թէեւ վերջին տարիներուն քաղցկեղի հիւանդացութեանց որոշ կայունացում արձանագրուած է Հայաստանի բնակչութեան մէջ (2017-ի պարագաներու թիւը նախորդ տարուան հետ բաղդատած աւելցած է ընդամէնը 0.2%-ով), սակայն, ԱՀԿի նախատեսութիւն-ներուն համաձայն, մինչեւ 2030, աշխարհի տարածքին քաղցկեղի նոր պարագաներու թիւը կրնայ հասնիլ 27 միլիոնի՝ ներկայի 12 միլիոնին հետ բաղդատած, իսկ մահերը` 8էն կը բարձրանան 17 միլիոնի:
Հայաստանի մէջ քաղցկեղէն տարեկան կը մահանան շուրջ 5600 հոգի, որ կը գրաւէ կանխահաս մահացութեան պատճառներու 2-րդ դիրքը սրտանոթային հիւանդութիւններէն ետք: 2012-ի հետ բաղդատած, քաղցկեղի համեմատութիւնը 2017ին աճած է 27%-ով, իսկ նոր պարագաներու թիւը կը գնահատուի 8389-ով, որ 6%ով աւելին է 2012 հետ բաղդատած:
Նկատի ունենալով հարցին կարեւորութիւնը, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ քաղցկեղի ախտորոշման եւ բուժման նպատակով ո՛չ միայն ֆինանսաւորման զգալի յաւելում կատարել, այլեւ՝ շուտով կեանքի կոչել քաղցկեղի դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութիւնը: