ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, զոր կը ներկայացնէ քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ:
Դասախօսութիւններու շարքին առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը` «Թոքերու քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Առաջին դասախօսութեան բացումը կատարեց ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ հաւաքուած ենք անդրադառնալու մեր ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հիւանդութեան մը, որ բոլորին սարսափ կը պատճառէ` աւելցնելով, որ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ իր բժշկական խրատներով պիտի լուսաբանէ եւ ցուցմունքներ տայ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք կանխարգիլել քաղցկեղը, որովհետեւ մեր ընտանիքներուն մէջ ուրախութիւնը մեր առողջութենէն կախեալ է: Քրիստին Սարգիսեան փափաք յայտնեց, որ դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուած գիտելիքները ներկաները իրենց կարգին փոխանցեն իրենց ընտանիքին եւ շրջապատին:
Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր դասախօսութեան սկըզբնաւորութեան բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ քաղցկեղ` խօսելով այն երեւոյթներուն մասին, որոնք պատճառ կը հանդիսանան քաղցկեղի ծնունդին, ինչպէս` ծխախոտի եւ ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը, ոչ սննդարար ճաշեր ուտելը, կենսոլորտի ապականումը, անբնական գիրութիւնը, ժառանգականութիւնը, նաեւ տարիքի աճը:
Անդրադառնալով աղիքներու քաղցկեղին` տոքթ. Համբիկ Քուրիէ նկատել տուաւ, որ մարտ ամիսը աղիքներու քաղցկեղի ամիս է, եւ ժողովուրդը կարեւորութիւն չի տար այս տեսակի քաղցկեղին` շեշտելով, որ մեծ է թիւը հիւանդներուն, որոնք կը տառապին աղիքներու քաղցկեղէ, որ բաւական տարած-ւած է: Ան թուեց պատճառները աղիքներու քաղցկեղին, ինչպէս` տարիքը, մարզանքի պակասը, ծխախոտը, ոգելից ըմպելիները, պտուղ եւ բանջարեղէն չուտելը, ժառանգա-կանութիւնը:
Ան խօսեցաւ այս տեսակի քաղցկեղի կանխարգիլման միջոցներուն մասին եւ շեշտեց, որ այս տեսակի քաղցկեղին վերաբերեալ գոյութիւն ունին երկու տեսակի քննութիւններ, որոնց պէտք է ենթարկուինք, որպէսզի կանխենք քաղցկեղը: Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Համբիկ Քուրիէ յորդորեց ներկաները, որ 50 տարեկանէն վեր անպայման քննութիւնները կատարեն, որպէսզի կանխեն աղիքներու քաղցկեղը եւ պայքարին անոր դէմ:
Դասախօսը լուսաբանութիւններ տուաւ ներկաներու հարցումներուն:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ նկատել տուաւ, թէ նման ձեռնարկներու կազմակերպումով կ՛անդրա-դառնանք, որ հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք իրարու նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ թերեւս ոմանք հարց կու տան, թէ ի՞նչ է կապը սրբազան հօր ու քաղցկեղին միջեւ եւ ինչո՞ւ հովանաւորել սոյն նախաձեռնութիւնը` բացատրելով, որ Լիբանանի հայոց թեմի կանոնագրութեան 20-րդ յօդուածին 3-րդ կէտին մէջ նշուած է, որ առաջնորդը մղում կու տայ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային, առողջապահական եւ տնտեսական կեանքին` աւելցնելով, որ այս սկզբունքէն մեկնած նախաձեռնած են դասախօսական այս շարքին:
Սրբազանը նկատել տուաւ, որ յարմար տեսած են գործակցիլ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հետ, որպէսզի ժողովուրդին զաւակները անդրադառնան, որ Ազգային առաջնորդարանը մեկուսացած հաստատութիւն մը չէ, այլ` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ, մեր կեանքին մէջ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելու պատրաստա-կամութիւնը ունի: Սրբազան հայրը ակնարկելով սոյն դասախօսական շարքին շեշտեց, որ անոր ընդմէջէն գիտութիւն չէ, որ կը տրուի, այլ` կը շեշտուի հիւանդութեան կանխարգիլումը: «Մեր յաջողութեան բանալին մեր մասնակցութիւնն է: Ամէն մարդ իր ունեցածը կու տայ իրարու եւ իր ազգին: Ինչ որ կրնանք տալ, աւելի հարստացած եւ առատացած կը վերադառնայ մեզի», եզրափա-կեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
***
11 Ապրիլին, երկրորդ դասախօսութիւնը` «Թոքերու քաղցկեղ» նիւթով տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Ա-րաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Գէորգ Փոնթիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ առաջնորդ սրբազան հայրը ինք նախաձեռնած է դասախօսական այս շարքին, որ կը վայելէ իր հովանաւորութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանի եւ ԼՕԽ-ի միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի եւ ընդգրկէ այլ մարզեր: Ապա Գէորգ Փոնթիկեան անդրադարձաւ դասախօսական շարքի նպատակին, որ խորհուրդներ եւ գիտելիքներ տրամադրելն է, որովհետեւ առողջ ապրիլը կը պահանջէ աշխատանք եւ գիտելիքներու գործադրու-թիւն: Անհրաժեշտ է հերթականօրէն կատարել տարբեր ախտորոշիչ քննութիւններ, որոնցմով կանուխ ախտորոշելով հիւանդութիւնը կարելի ըլլայ հասնիլ լաւագոյն բուժ-ման եւ ընդհանրապէս հիւանդութիւններու վերացման:
Ան ըսաւ, թէ առողջութիւնը գանձ մըն է եւ պէտք է խնամել ու գնահատել այդ գանձը:
Այնուհետեւ հրաւիրեց քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէն ներկայացնելու «Թոքերու քաղցկեղ» նիւթը: Ան նշեց, որ թոքերու քաղցկեղին առաջքը առնելը քննութիւններով չի ճշդուիր: Թոքերու քաղցկեղին բուն պատճառը ծխախոտն է, որուն մէջ ներառուած են նաեւ կլկլակը եւ սիկառը, որոնք մեծ համեմատութիւն կը կազմեն: Այս հիւանդութիւնը շատ արագ կը զարգանայ:
Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ յայտնեց, որ տարեկան մէկուկէս միլիոն մարդ կը մեռնի աշխարհի վրայ թոքերու քաղցկեղի պատճառով: Ծխախոտէն զատ օդի ապականումը երկրորդ գլխաւոր պատճառն է այս հիւանդութեան: Երրորդ պատճառը աւելի նուազ համեմատութեամբ ժառանգական ազդակն է: Ան ըսաւ, թէ ծխախոտը հասարակաց բո-լոր վայրերուն մէջ պէտք է արգիլուի` նկատի ունենալով իր գործած աւերը: Ծխախոտը միայն թոքերու քաղցկեղ չի պատճառեր, այլ նաեւ կոկորդի, խռչափողի: Լիբանանի մէջ ծխողներու համեմատութիւնը շատ բարձր է` մօտաւորապէս 40 – 45 առ հարիւր: Ասոնք ահազանգային թիւեր են, որոնք կը պատճառեն թոքերու քաղցկեղ: Այս հիւանդութիւնը մահացու է, որովհետեւ բուժման ձեւերը շատ դժուար են: Եթէ հիւանդը գործողութեամբ չառողջանայ, վեցէն տասներկու ամիս միայն կ՛ապրի: Թոքերու քաղցկեղի հիւանդութեան 87 առ հարիւրը ծխախոտի պատճառով է:
Ապա ան նշեց այս հիւանդութեան ախտա-նշանները, ինչպէս` արիւնով հազը, տաքութիւնը, բորբոքումը, շունչի նեղութիւնը, ձայնի փոփոխութիւնը, կշիռք կորսնցնելը: Պէտք է զգուշ ըլլալ յարատեւ անթիպայոթիք առնելէ եւ անմիջապէս պէտք է թոքերու նկար կատարել: Եթէ անհատ մը երկու անգամ պրոնշիթ ըլլայ, պէտք է կանխազգուշանալ: Անմիջապէս պէտք է ծխելը դադրեցնել: Երբ հիւանդութեան ախտանշանները տեսնուին, պզտիկ արեան քննութիւն եւ կուրծքի էքս ռէյ ու սքանըր նկար պէտք է կատարել:
Ի՞նչ են ձեւերը թոքերու քաղցկեղը բուժելու: Միակ ձեւը գործողութիւնն է, եթէ տարածուած չէ այլ տեղ մարմնին մէջ: Ապա կայ քիմիոթերափին եւ իմիունոթերափին, որոնց դեղահատերը աժան չեն:
Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ ահազանգ հնչեցուց թոքերու քաղցկեղի հիւանդութեան համեմատութեան բարձրացման իմաստով եւ յոյս յայտնեց, որ համեմատութիւնը նուազի հասարակաց վայրերու մէջ ծխելը արգիլելու օրէնքը վերահաստատելով:
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին տոքթ. Համբիկ Քուրիէին, որ սպառիչ լուսաբանական պատասխաններ տուաւ:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: