ՏՈՔԹ. ՆԱՐԻՆ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
Մինչ մէկ կողմէ վարակիչ հիւանդութիւնները աւելի լաւ ձեւով կը հակակշռուին բժշկութեան մէջ արձանագրուած արագ յառաջդիմութեան շնորհիւ, ինչպէս՝ պատուաստներու արագ պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը համավարակներու ընթացքին, անդին ոչ վարակիչ հիւանդութիւնները դարձած են աշխարհի ամենէն տարածուած հիւանդութիւնները, ինչպէս՝ շաքարախտը, գերճնշումը, թրիկլիսերիտներու եւ քոլեսթերոլի տեսակները (dyslipidemia) եւ այլն, որոնք կը մնան մարդուն հետ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Այսպիսով, այս հիւանդութիւնները կը պահանջեն մնայուն հսկողութիւն, ապրելակերպի պատշաճ փոփոխութիւններ եւ դեղորայքի համապատասխան փաթեթներ:
Այս հիւանդութիւններուն շարքին առաջին դիրքը կը գրաւէ քաղցկեղը: Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան Քաղցկեղի համաշխարհային դիտարանի (WHO Global Cancer Observatory) հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2022-ին աշխարհի տարածքին արձանագրուած է քաղցկեղի շուրջ 20 միլիոն նոր պարագայ: Տղամարդոց մէջ ամենէն աւելի տարածուած են թոքերու, շագանակագեղձի (prostate) եւ հաստ աղիքի քաղցկեղները, մինչ կիներու պարագային՝ կրծքագեղձի, թոքերու եւ հաստ աղիքի քաղցկեղները: Թոքերու քաղցկեղը կը հանդիսանայ մահացութեան հիմնական պատճառը երկու սեռերուն ալ պարագային:
Իրաւացի է ըսել, որ կանխարգիլումը լաւագոյն բուժումն է: Որոշ բացայայտ եւ կառավարելի վտանգաւոր գործօններու կարգաւորումով` մենք կրնանք զգալի չափով նուազեցնել քաղցկեղով հիւանդանալու հաւանականութիւնները: Օրինակ` 15 տարի ծխելէ հրաժարելէ ետք, նախկին ծխողի մը մէջ թոքերու քաղցկեղի յառաջացման վտանգը կ’իջնէ գրեթէ նոյն նուազ հաւանականութեան, ինչպէս երբեք չծխած անձի մը: Դժբախտաբար, կան նաեւ վտանգի որոշ անփոփոխ գործօններ, որոնք նոյնպէս դերակատար են, յատկապէս անոնք, որոնք կ’առնչուին ընտանիքի անդամներու ժառանգուած ծիներուն: Ծինայնօրէն ժառանգուած քաղցկեղներ նշմարելի են մասնաւորաբար կրծքագեղձի եւ հաստ աղիքի պարագաներուն. ընտանիքին առողջապահական անցեալը կարեւոր դեր կը խաղայ ճշդելու հիւանդի մը մօտ նմանօրինակ քաղցկեղներ զարգանալու հաւանականութիւնը:
Բարեբախտաբար, թէեւ մենք չենք կրնար ամբողջութեամբ կանխել գալիքը, առնուազն մենք ունինք միջոցները կանուխ յայտնաբերման եւ կանուխ միջամտութեան՝ զննումի յատուկ մեթոտներով, որոնք պատրաստուած են աշխարհի մէջ ամենէն աւելի տարածուած քաղցկեղներուն համար:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու կանխարգելիչ ծառայութիւններու մասնագէտներուն (The United States Preventive Services Task Force – USPSTF), կան ուղեցոյցներ, որոնք միջազգայնօրէն գրեթէ կ’օգտագործուին բժիշկներու կողմէ՝ զննումի համապատասխան միջոցառումներ ապահովելու նպատակով:
– Թոքերու քաղցկեղ. 50-80 տարեկան չափահասներ, որոնք ունին օրական մէկ տուփ ծխելու 20 տարուան պատմութիւն եւ տակաւին կը ծխեն կամ հրաժարած են ծխելէ վերջին 15 տարիներուն ընթացքին, պէտք է ամէն տարի ճառագայթային նուազ քանակով CT քննութիւն կատարեն:
– Հաստ աղիքի քաղցկեղ. 45-75 տարեկան բոլոր չափահասները պէտք է 10 տարին անգամ մը քոլոնոսքոփիով (colonoscopy) քննութիւն կատարեն: Կան նաեւ զննումի այլ մեթոտներ, զորս բժիշկը կրնայ ճշդել: Եթէ ընտանիքի պատմութեան մէջ պարագաներ արձանագրուած են, զննական հսկողութիւնը կրնայ սկսիլ աւելի առաջ, ըստ բժիշկին հայեցողութեան:
– Շագանակագեղձի քաղցկեղ (Prostate). 55-69 տարեկան տղամարդոց համար շագանակագեղձի յատուկ PSA քննութիւնը կարեւոր է, որ պէտք է կատարել յաճախակի նոյնիսկ առանց բժիշկի թելադրանքին: PSA-ի զննական հսկողութիւնը կարելի է դադրեցնել 70 տարեկանին:
– Կրծքագեղձի քաղցկեղ. 50-75 տարեկան կիները պէտք է երկու տարին անգամ մը մամոկրաֆի կատարեն: Կրծքագեղձի քաղցկեղով հիւանդ ծնողք, քոյր կամ դուստր ունեցող կիներ աւելի հակամէտ են քաղցկեղ ունենալու, հետեւաբար պէտք է 40 տարեկանէն սկսին մամոկրաֆի կատարելու:
– Արգանդի վզիկի քաղցկեղ. 21-29 տարեկան կիներ կրնան 3 տարին անգամ մը «pap smear» կատարել: Իսկ 30-65 տարեկանները կրնան 3 տարին անգամ մը «pap smear», կամ 5 տարին անգամ մը՝ «HPV» քննութիւն կատարել:
– Ձուարաններու քաղցկեղ. ձուարաններու քաղցկեղին համար ընթացիկ քննութիւն կատարելը ապացուցուած օգուտ չունի, բացի այն պարագաներէն, երբ կիները ունին ժառանգական քաղցկեղի բարձր հաւանականութիւն, որ կ’ընդգրկէ նաեւ ձուարաններու քաղցկեղը:
– Մորթի, միզապարկի, վահանաձեւ գեղձի, բերանի խոռոչի քաղցկեղներու զննումի ապացոյցները տակաւին անորոշ են եւ, հետեւաբար, թելադրելի չէ ախտանիշ չունեցող հիւանդներուն:
Եզրակացնելով, մինչ բժշկական յառաջացումները կը շարունակեն բարելաւել վարակիչ հիւանդութիւններու վերահսկումը, ներկայիս ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու, մասնաւորաբար՝ քաղցկեղին վրայ, իբրեւ աշխարհի ամենէն արագ տարածուող հիւանդութիւնը: Թէեւ կանխարգիլումը կը մնայ ընդհանրապէս հիւանդութիւններու վերահսկողութեան հիմնաքարը, առայժմ զննումի յատուկ մեթոտներով կանուխ յայտնաբերումը կը մնայ առաջնահերթ: Կիրարկելով զանոնք եւ նախաձեռնելով ապրելակերպի փոփոխութիւններու, մենք կրնանք զգալի յառաջդիմութիւն արձանագրել քաղցկեղի դէմ մեր պայքարին մէջ: