20 հետազօտութիւններու քննարկումը կը թելադրէ քնանալէ առաջ բջիջայինը չթողել մահճակալին կողքին: Հետազօտութեան համաձայն, հարցուածներուն կէսէսն աւելին (48 տոկոս) գիշերը կը քնանայ հեռախօսը մահճակալին կողքին դրուած, կը գրէ Techlikethis:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ կան յստակ ապացոյցներ, որ քնանալէ առաջ էլեկտրոնային սարքերու օգտագործումը եւ անոնց հասանելիութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ քունի վատ որակի, ինչպէս նաեւ՝ ցերեկային ժամերու քնկոտութեան հետ: «Այս կը նշանակէ, որ եթէ ձեր հեռաձայնը կը գտնուի մահճակալի կողքին, ապա այդպիսով կը մեծնայ քունի անբարենպաստ արդիւնքի հաւանականութիւնը»:
Այս մէկը ամէնէն աւելի կը հարուածէ պատանիներուն: Հետազօտողները ուսումնասիրած են, թէ ինչպէս TikTok-ի եւ Instagram-ի նման կայքերը կը ստիպեն երեխաներուն վախնալու ինչոր բան բաց ձգելէն: Ընկերային մետիան դպրոցի տարածքէն փոխադրուած է մեր երեխաներուն ննջասենեակը, եւ անոնք հեռաձայնին առջեւ կ’անցնեն օրը 24 ժամ, շաբաթը 7 օր, իսկ աքտիւութիւնը կը հասնի գագաթնակէտին գիշերը:
Քունի պակասը կրնայ յանգեցնել ընկճուածութեան: Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ դեռահասները, որոնք քնանալէ առաջ օգտագործած են ընկերային ցանցերը, աւելի շատ դժուարութիւններ ունեցած քնանալու հետ, եւ այդ կապուած է ընկճուածութեան բարձր մակարդակի հետ, կը նշեն հետազօտողները: