ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՐԵՐ
haՀայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան, Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենեակին եւ Հոլանտայի հանրային առողջապահութեան եւ կենսոլորտի հիմնարկին համատեղ ջանքերով, 2017-2018 թուականներուն Երեւանի բժշկական չորս հաստատութիւններու մէջ իրագործուած է հակամանրէ դեղերու (ՀՄԴ) կայունութեան գործընթացները ապացուցող հետազօտական ծրագիր մը: Ծրագիրը կը հետապնդէ տեղեկութիւն հաւաքել դեղաբուժումը դիմադրող արեան բորբոքումի հիմնական յարուցիչներուն մասին, բարելաւել արեան նմուշառման վերաբերող բժշկական անձանակազմի հմտութիւնները, զարգացնել բուժման ընթացքին մանրէաբանական հետազօտութեան արդիւնքներու պատշաճ օգտագործումը, ինչպէս նաեւ՝ զարկ տալ Հայաստանի Հիւանդութիւններու Վերահսկման-Կանխարգիլման Ազգային Կեդրոնի տարրալուծարանին տարբեր տեսակի մանրէներու յայտնաբերման կարողականութեան:
Հետազօտութեան արդիւնքները գնահատելու եւ յետագայ քայլերը քննարկելու նպատակով 3-օրեայ այցելութեամբ վերջերս Հայաստան ժամանեցին միջազգային փորձագէտներ:
Ողջունելով հետազօտութեան ազգային մարմնի անդամները, ծրագրին մասնակցող հիւանդանոցներուն ներկայացուցիչները եւ միջազգային փորձագէտները, առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Լենա Նանուշեան եւ Առողջապահուեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Եկոր Զայցեւ աշխատանքային հանդիպման ժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնեցին քննարկելու հետազօտութեան արդիւնքները, ծագած հարցերը եւ ծրագրի շարունակութեան ապահովման հարցերը:
Ապա տեղի ունեցաւ հետազօտութեան ծրագրի արդիւնքներուն քննարկման նուիրուած աշխատաժողով մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան հակամանրէ դեղերու ռազմավարական ծրագիրը, բորբոքումներու հսկողութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ՝ հետազօտութեան նախնական տուեալները:
Միջազգային եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները քննարկեցին հետազօտութեան նախնական արդիւնքներու գնահատման գործընթացը եւ յետագայ քայլերը: Արդիւնքներուն վերաբերող զեկուցումը կը գտնուի մշակման փուլի մէջ եւ կը նախատեսուի զայն հրապարակել 2019ի ընթացքին: