ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Քոլերան հին հիւանդութիւն մըն է, եւ մարդկութիւնը բազմիցս տառապած է անկէ: Առաջին անգամ զայն նկարագրած է բրիտանացի գիտնական Ճոն Սնոն, 1854 թուականին, իսկ աւելի ուշ հիւանդութիւնը մանրամասն ուսումնասիրած է Ռոպըրթ Քոխ (գերմանացի) Հնդկաստանի մէջ: Քոլերան նախապէս մեծ թիւով զոհեր կը խլէր եւ գլխաւոր լուրերու վերնագիրները կը գրաւէր տարածուած երկիրներուն մէջ: Վերջին անգամ վերնագիրները գրաւած է 1960-ականներուն սկիզբը հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ բռնկած համաճարակին ատեն: Այսօր անիկա նոյնքան լուրջ հիւանդութիւն է, որքան անցեալին, որուն հետեւանքով լուրջ ախտանշաններ կը դրսեւորուին վարակուածներուն 50%-ին մօտ: Եթէ պատշաճ կերպով չհետապնդուի այդ մարզին մէջ պատասխանատու մասնագէտներու կողմէ, անիկա դիւրութեամբ կրնայ տարածուիլ եւ դառնալ համաճարակ` պատճառելով մահ եւ միլիոնաւոր տոլարներ արժող բուժման ծախս եւ բնական կեանքի խաթարում:
Քոլերան կը յառաջանայ Vibrio cholera կոչուած պաքթիրիայէն: Անիկա շատ փոքր քանակութեամբ գոյութիւն ունի մարդոց աղիքներուն մէջ եւ հիւանդութիւն չի պատճառեր, որովհետեւ մեր սովորական աղիքային պաքթիրիաները թիւով կը գերազանցեն զայն: Բաց վիճակի մէջ (վատ կոյուղիի դրութիւն, ողողում), անոնք կը բազմապատկուին եւ կրնան ետ մտնել աւելի մեծ թիւով: Ան մեր մարմնէն ներս կը մտնէ բերանէն` աղտոտ ջուրի կամ այդ ջուրով լուացուած սնունդի միջոցով: Մարմնին մէջ մտնելով` անիկա կը բազմապատկուի` հասնելով թիւերու, որոնք կրնան հիւանդութիւն յառաջացնել: Սովորաբար անիկա կը տեւէ 12 ժամէն մինչեւ տասը օր` կախեալ պաքթիրիաներու սկզբնական հաշիւէն: Այս պաքթիրիաներու թունաւոր նիւթերն են, որոնք կը յառաջացնեն ծանր փորհարութիւն: Անոնք նաեւ շատ ժահրոտ են, այնպէս, որ նոյնիսկ օրկանիզմ ներթափանցած պաքթիրիաներու փոքր քանակութիւնը ի վերջոյ բաւական է հիւանդութիւնը սկսելու համար:
Քոլերայի առաջին մեծ համաճարակը տեղի ունեցած է Հնդկաստանի մէջ, Գանգես գետի շրջակայքը, 1817-ին: Համաճարակ կը նշանակէ, որ ան ի վերջոյ կ’ազդէ ամբողջ աշխարհին վրայ: Այս համաճարակին ժամանակ, միայն Մեծն Բրիտանիոյ մէջ մահացած են 23,000 հոգի: Այդ ժամանակէն ի վեր, անիկա տարածուած է աշխարհի բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ եւ ներկայիս կը գրաւէ վերնագիրները այն շրջաններուն մէջ, ուր հանրային առողջապահութեան պայմանները վատ են, եւ ջուրի պաշարները՝ պակսած: Պատերազմական գօտիները, վատ կառավարուող գաղթակայանները, երկարատեւ ողողումներու տարածքները բոլորն ալ վայրեր են, ուր կարելի է ակնկալել, որ քոլերան կրնայ զարգանալ:
Շատեր հիւանդութեան շատ քիչ ախտանշաններ կամ ընդհանրապէս ոչ մէկ ախտանշան կ’ունենան պաքթիրիան ընդունելէ ետք: Շատ քիչերը ծանրօրէն կը հիւանդանան, եւ ջրադարմանումի (rehydration) պարզ բուժումով կրնան խուսափիլ մահէն եւ շատ արագ առողջանալ: Բուժումը հիմնականօրէն կորսնցուցած ջուրի վերականգնումն է` 6 թէյի դգալ շաքարը խառնելով կէս թէյի դգալ պարզ աղի հետ 1 լիթր մաքուր ջուրի մէջ: Այն լուծոյթը («ORS» Oral Rehydration Solution) կը նկատուի 20-րդ դարու բժշկական կարեւորագոյն գիւտերէն մէկը: Ներկայիս անիկա կ’օգտագործուի գրեթէ բոլոր հիւանդութիւններու բուժման համար, ուր փորհարութունը հիմնական ախտն է: Այս բուժման մասին առաջին անգամ նշած է Թոմաս Լաթթա (սկովտիացի) 1832-ին, սակայն անոր կիրառումը կատարուած է միայն 20-րդ դարու սկիզբը:
Բժիշկներ, որոնք կը կասկածին հիւանդի մը քոլերայով վարակումէն, արագ պատմա-բժշկական տուեալներ կը վերցնեն հիւանդէն եւ կ’անցնին «բրնձաջրային փորհարութեան» առկայութեան: Ախտորոշման համար տարրալուծարանի մէջ կարելի է կատարել կղկղանքի քննութիւն (արագ) կամ կղկղանքի ցանք (culture): Ջուրի ցանքը ջուրին աղբիւրը ստուգելու համար կրնայ աւելի լաւ օգնել բացայայտելու վարակումին աղբիւրը, եւ ախտահանիչ նիւթի (սովորաբար քլոր) յաւելումով կարելի է ընդհանրապէս դադրեցնել վարակին աղբիւրը: Հանրային առողջապահութեան եւ մաքրութեան կրթութեան բարելաւումը լաւագոյնն է ապագայ վարակները կանխելու համար: Վերջին անգամ քոլերայի ականատես դարձանք Զիմպապուէյի մէջ` տնտեսական վատ իրավիճակին պատճառով (2009), իսկ Հայիթիի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք (2011):
Քոլերայի դէմ պատուաստ նոյնպէս գոյութիւն ունի, թէեւ ան չի մտներ Լիբանանի մէջ փոքրիկներուն տրուող սովորական պատուաստներու շարքին: Առողջապահութեան նախարարութիւնը ապահոված է բաւարար պատուաստ բոլոր փափաքողներուն համար: Պատուաստը կ’ապահովէ մինչեւ 2-3 տարուան պաշտպանութիւն: