1- Յղութեան շրջանին կանոնաւորաբար այցելել առողջապահական հաստատութիւն մը.
– Առնուազն չորս անգամ նախածննդեան այցելութիւն կատարել բժիշկին:
– Ձեր բժիշկին հարցնել, թէ ե՞րբ անհրաժեշտ է նախածննդեան հսկողութեան նպատակով այցելութիւն կատարել:
– Տեղեակ ըլլալ յղութեան վտանգաւոր նշաններուն մասին, ինչպէս՝ արիւնահոսութիւնը, բարձր ջերմը, ձեռքերու եւ ոտքերու այտուցը եւ տեսողութեան վատթարացումը։
– Անպայման ուղեկցիլ յղի կնոջ՝ բժիշկին տուած անոր կանոնաւոր այցելութիւններուն ժամանակ։
2- Ծրագրել ծննդաբերութիւնը.
Բարդութիւններէ խուսափելու համար նախապէս որոշել առողջապահական հաստատութիւնը, կամ թէ ո՞ր մանկաբարձին օգնութեամբ պիտի ծննդաբերէք։ Հմուտ մանկաբարձը կրնայ՝
– Օգնել երեխային անվտանգ ծննդաբերութեան:
– Կանուխէն բացայայտել առողջական հաւանական խնդիրները եւ վտանգի նախանշանները:
– Առողջական վիճակի բարդացման պարագային, երեխային մօրը եւ ընտանիքին հետագայ քայլերու մասին խորհուրդներ տալ:
– Անհրաժեշտութեան պարագային, տէր դառնալ կացութեան եւ մայրն ու նորածինը բուժման նպատակով առաջնորդել համապատասխան բուժհաստատութիւն:
3- Ծննդաբերութենէն առաջ եւ յետոյ հոգ տարէք ձեր մտաւոր եւ ֆիզիքական առողջութեան.
– Կիները յուզական, ֆիզիքական եւ հոգեբանական փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին, ինչպէս՝ յղութենէն առաջ եւ յետոյ կշիռքի յաւելումը եւ ինքնավստահութեան կորուստը։ Օգնութիւն խնդրելու մէջ ամօթալի ոչ մէկ բան կայ։
– Ձեր ապրումներուն մասին խօսեցէք ընտանիքի անդամներուն կամ կողակիցին հետ։ Կրնաք միանալ ծնողական որեւէ խումբի կամ մայրերու որեւէ ակումբի՝ այլ մայրերու հետ ձեր մտահոգութիւնները կիսելու նպատակով։
– Հարցերու պարագային, օգնութեան համար դիմեցէք ձեր ծննդաբերութիւնը վերահսկող բժիշկին կամ մասնագէտին ։
– Կարեւոր է, որ թէ՛ հայրերը, թէ՛ մայրերը գործօն դերակատարութիւն ունենան իրենց երեխային դաստիարակութեան մէջ՝ ներառ-եալ իրարու սատարելը եւ հոգերը կիսելը։
4- Նորածին երեխային խնամքը.
– Երեխային ծնելէն անմիջապես ետք, խորհուրդ կը տրուի երեխան դնել մօր կըրծքին։ Քնքշօրէն շոյել, հանգստացնել եւ գրկել ձեր երեխան։ Այս փուլին, յատկապէս ժպտալ երեխային, խօսիլ հետը լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ։
– Երեխան տաք պահել եւ մորթ մորթի շփում ապահովել։
5- Ծննդաբերութենէն անմիջապես ետք, կուրծքով կերակրել երեխան.
– Ծննդաբերութենէն յետոյ մէկ ժամուան ընթացքին կուրծքով կերակրեցէք ձեր երեխան եւ այդպէս շարունակեցէք կեանքի առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին. նոյնիսկ ջուր անհրաժեշտ չէ։
– Խիժը (Colostrum)՝ մօր կուրծքի առաջին կաթը յագեցած է սննդարար նիւթերով եւ հակամարմիններով, որոնք երեխաները պաշտպանեն հիւանդութիւններէ։ Կուրծքի կաթը ձեր երեխային առաջին պատուաստանիւթն է եւ կ’ապահովէ անոր կեանքի լաւագոյն սկիզբը:
– Նախապէս օգնական գտէք՝ ըլլայ կողակիցը, ընտանիքի անդամները, թէ ընկերները. անոնք մօր պիտի օգնեն կերակրելու երեխան։ Անհրաժեշտ է օգնութեանց ժամանակացոյց սահմանել:
– Կերակրելու ժամանակ նայեցէք երեխային աչքերուն մէջ, ժպտացեք, խօսեցէք անոր հետ կամ երգեցէք։ Այդ կարեւոր է երեխային զարգացումին եւ անոր հետ կապուածութիւն ու ջերմ յարաբերութիւն ստեղծելու համար։
6- Վեց ամիսը լրանալէ ետք սկսէք փափուկ սնունդ տալ երեխային.
Վեց ամսականէն սկսեալ երեխան կերակրեցէք անոր տարիքին համապատասխան թարմ ուտելիքներէ պատրաստուած սնունդով։
– Սկսէք փափուկ, ճզմուած կամ կիսահեղուկ կերակուրներ տալ։
– 6-8 ամիս. օրական 2-3 անգամ մածուն, բրինձի կամ այլ ապուրներ տուէք։
>9-23 ամիս. օրական 3-4 անգամ կերակրեցէք մանր կտրատուած կտորներով՝ ձգելով որ ան ալ սկսի վերցնել եւ ինքզինք կերակրել պտուղի, բանջարեղէնի կտորներով։
> 2 տարեկան. ձեր երեխան կը սորվի առանձին ուտել եւ ճաշել, օրինակ՝ հաւով ապուր ուտել։
– Եթե երեխան հիւանդ է, աւելի հեղուկներ տուէք իրեն։
– Երեխան կերակրելու ատեն, խօսեցէք հետը եւ արձագանգեցէք անոր ձայներուն։
7- Վստահ եղէք, որ դուք եւ ձեր երեխան վիթամիններով հարուստ (ճիշդ քանակով) սնունդ կը ստանաք.
– Միքրոսննդարար (micronutrients) նիւթերը կ’արտադրեն ներխմորներ (enzyme) եւ հորմոններ, որոնք կարեւոր դեր ունին առողջ զարգացման ու աճի համար:
– Սննդակարգի կամ յաւելումներու ձեւով վիթամին A-ի, երկաթի, հանքանիւթերու, զինքի եւ ֆոլաթթուի ընդունումը կարեւոր է թէ՛ մօր եւ թէ՛ երեխային համար:
– Երկաթը կը նպաստէ երեխայի գլխուղեղի բջիջներուն զարգացումին եւ դրականօրէն կը խթանէ վերջինիս աճը։ Ան կ’օգնէ նաեւ նուազեցնելու յոգնածութիւնը, թուլութիւնը եւ սակաւարիւնութիւնը, որոնք կրնան ծննդաբերութեան ժամանակ բարդութիւններու պատճառ դառնալ։ Երկաթի անբաւարարութիւնը կրնայ յանգիլ ծննդաբերութեան ժամանակ երեխայի ցած կշիռքին եւ կը բարձրացնէ նորածինին հիւանդանալու հաւանականութիւնը։
– Ծննդաբերութենէն յետոյ առաջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, կերակրող մայրերուն մեծապէս խորհուրդ կը տրուի երկաթի ֆոլաթթու օգտագործել։
8- Սորվեցէք ճանչնալ ձեր նորածնին մօտ ի յայտ եկած վտանգի ազդանշանները եւ անմիջապէս դիմեցէք բժիշկին.
Ստորեւ քանի մը նախանշաններ, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ.-
– Երեխան լաւ չ’ուտեր:
– Մորթը կապոյտ կամ մանիշակագոյն դարձած է:
– Երեխային մարմինը կը ջղաձգուի:
– Շնչառութիւնը դժուարացած է:
– Երեխան չափազանց քնատ է:
– Մարմնին ջերմաստիճանը շատ ցած է կամ շատ բարձր:
– Երեխային մորթին վրայ տասը կամ աւելի թարախաբշտիկ կը նշմարուի (մորթին վրայ փոքր բշտիկներ, որոնք հեղուկ կամ թարախ կը պարունակեն):
9- Կատարել ընտանիքի կազմութեան ծրագրում.
– Երեխաներու ծնունդներուն միջեւ երեք տարուայ տարբերութիւն ձգել:
– Ծննդաբերութիւններու միջեւ ինկած ժամանակահատուածը կ’օգնէ մայրերուն վերականգնուելու նախորդ ծննդաբերութենէն։ Եթէ մայրը առնուազն 3 տարի չսպասէ մինչեւ իր յաջորդ յղութիւնը, ապա անոր մօտ կըր-նան բազմաթիւ բարդութիւններ յառաջանալ, ինչպէս՝ ծննդաբերութեան ժամանակ երեխային ցած կշիռքը, արիւնահոսութիւն եւ ծննդաբերութեան հետ կապուած այլ խնդիրներ։
– Յղութիւններու միջեւ երեք տարի դադարը կը նպաստէ երեխային կատարեալ առողջութեան, աճումին ու զարգացումին։ Ծնունդներու միջեւ ճիշդ տարբերութիւնը կ’օգնէ ընտանիքին բաւարար ժամանակ յատկացնելու երեխաներուն եւ տան՝ ապահովելով դրական եւ առողջ ընտանեկան մթնոլորտ։
– Խուսափեցէք չծրագրուած յղութենէ՝ օգտագործելով համապատասխան հակաբեղմնաւորիչներ։