Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF) Աքպաքրետիթ ԱԿՐԻՔՈԼ (ACBA-CREDIT AGRICOLE) դրամատան աջակցութեամբ Տաւուշի մարզին մէջ իրականացուցած է «Ակնոցներ Հայաստանի համար» բարեգործական, առողջապահական ծրագիրը:
Ինչպէս կը յայտնէ նշեալ դրամատունը, չորրորդ տարին անընդմէջ դրամատան աջակցութեամբ UMAF-ի բժիշկները իրենց հետ հայրենիք բերած են մեծ թիւով ակնոցներու ոսպնեակներ, տարրալուծական եւ ակնաբուժական սարքեր` տեղւոյն վրայ ստուգելով մանուկներու տեսողութիւնը ու հարկ եղած պարագային՝ անոնց համար կը պատրաստեն եւ կը նուիրեն անհրաժեշտ ակնոցներ: Ծրագրի ծիրին մէջ, այս տարի Տաւուշի մէջ քննուած են շուրջ 600 մանուկներ:
«Տեսողութիւնը շատ կարեւոր բան է երեխաներուն համար, որովհետեւ, երբ երեխան լաւ չի տեսներ, չի կրնար լաւ հետեւիլ իր դասերուն: Լաւ սորվելու համար պէտք է լաւ տեսնել: Ուրիշ քաղաքներէն ալ երեխաներ հանրակառքով կը բերեն. կը կազմակերպենք, որպէսզի երեխաները կարենան գալ եւ ճանապարհային խնդիրներ չունենան: Շնորհակալ ենք մեր գործընկեր Աքպաքրետիթ ԱԿՐԻՔՈԼ դրամատան. արդէն քանի մը տարի է դրամատունը ծրագրին հարկաւոր գումարին մեծ մասը կը տրամադրէ: Այդ միջոցներով մենք կը կազմակերպենք անհրաժեշտ սարքերու տեղափոխութիւնը Ֆրանսայէն Հայաստան ու կ՛իրականացնենք նաեւ կազմակերպչական այլ աշխատանքներ»,- իր խօսքին մէջ նշած է Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի բժիշկներու միութեան անդամ, ծրագրի համահիմնադիր Պետրոս Օհանեանը: 2016-ին սկսած Աքպաքրետիթ ԱԿՐԻՔՈԼ դրամատան եւ UMAF-ի համագործակցութեամբ ամէն տարի ֆրանսահայ բժիշկները Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ երեխաներու համար կ՛իրականացնեն ակնաբուժական անվճար ծրագիրներ: