Ռուսական Օժանդակութեան Ծրագրի ծիրին մէջ, աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի մէջ Սիտայի (ՀՀ ԱՆ ՁԻԱՀ) կանխարգիլման կեդրոն այցելած են Ռուսիոյ Ռոսբոթրեպնադծոր (Rospotrebnadzor) Համաճարակաբանութեան Կեդրոնական Գիտահետազօտական Հիմնարկի՝ HIV վարակի եւ ժահրային լեղաբորբի ախտորոշման նոր մեթոտներու մշակման խումբի ղեկավար Տիմիթրի Քիրեւը եւ նոյն հիմնարկի գիտական աշխատող Ալինա Քիրիչենքօն:
Այցելութեան ընթացքին քննարկուած են միասնաբար իրականացուող գիտահետազօտական 4 աշխատանքներէն 2-ը:
Ընդգծենք, որ նշուած հետազօտութիւններէն մէկը շրջանային է եւ կը նպատակադրէ HIV-ին դարմանելու միտող դեղամիջոցներու տարածման եւ ներգործութեան միասնական համակարգի մը մշակումը:
Երկրորդ հետազօտութիւնը, որ կ՚իրագործուի երկկողմանի համագործակցութեամբ, կը նպատակադրէ կենսատեղեկատուական հետազօտական մեթոտներու օգնութեամբ Հայաստանի մէջ HIV վարակի համաճարակի զարգացման միտումներու գնահատումը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ընթացիկ աշխատանքները, հետազօտութիւններու ուղեցոյցներու մշակման, Սիտայի կեդրոնի նիւթաարհեսագիտական օժանդակութեան վերաբերեալ հարցեր:
Կողմերը համաձայնած են միացեալ գիտահետազօտական աշխատանքներու իրականացման համար լրացուցիչ անհրաժեշտ սարքաւորումներու, քննութիւններու եւ բժշկական ապրանքներու, ինչպէս նաեւ՝ վերանորոգման եւ արհեստագիտական սպասարկման ենթակայ սարքերու ցանկերը, որոնք կ՚իրականացուին հիմնարկին եւ Սիտայի կեդրոնին միջեւ կնքուած նիւթաարհեստագիտական օժանդակութեան վերաբերող համաձայնագիրին ծիրին մէջ, ընդհանուր մօտ 80 հազար ամերիկեան տոլար գումարով: