Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
– Հետազօտողները պարզած են, որ նոյնիսկ թեթեւ լոյսով քնանալը կրնայ ազդել մարդու առողջութեան վրայ:
– Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ քնացած ժամանակ լոյսի ազդեցութիւնը կը սպառնայ տարեցներու գիրութեան, շաքարախտի եւ արեան գերճնշման մեծ վտանգով:
Նոյն հետազօտողներու տարրալուծարանային նախնական հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ վնասակար այս ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր տարեց մարդոցմով:
Շիքակոյի Հիւսիսարեւմտեան համալսարանի Ֆայնպըրկ բժշկական դպրոցի հետազօտութիւնը կ’ուսումնասիրէ քունի ժամանակ կապը լոյսի ազդեցութեան եւ առողջութեան հետ առնչուած վտանգներուն միջեւ: Հետազօտութիւնը նախազգուշացում մըն է զարգացած երկիրներու մէջ ապրող բազմաթիւ մարդոց համար. այնտեղ, ուր լոյսը հակուած է ըլլալու ամէնուր:
Հետազօտութիւնը կը պարզէ, թէ որեւէ տեսակի լոյսի տակ քնանալը, նոյնիսկ` աղօտ լոյսը, կապուած է մեծահասակներու մօտ գիրութեան, շաքարախտի եւ արեան գերճնշման բարձր հաւանականութեան հետ:
Հետազօտութեան համահեղինակ, Հիւսիսարեւմտեան բժշկութեան Ֆայնպըրկ բժշկական դպրոցի բժիշկ Մինճի Քիմ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Մենք կ’ապրինք արհեստական լոյսի առատ քանակութեամբ աղբիւրներու ներքոյ: Անոնք հասանելի են օրը 24 ժամ` ըլլայ այդ մէկը խելացի հեռաձայններէ, գիշերը աշխատած մնացած հեռատեսիլէ մը, կամ մեծ քաղաքի մէջ լոյսի ապականութիւնը: Կը թուի, որ նոյնիսկ չնչին քանակութեամբ լոյսը նկատելի ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր մարմնի արձագանգին վրայ»,- ըսաւ դոկտոր Քիմ «Մետիքըլ Նիուզ Թուտէյ»-ին:
«Անասուններու եւ մարդոց նախկին որոշ ուսումնասիրութիւնները ենթադրել կու տան հաւանական կապ մը անհաւասարակշիռ լոյսի (ցերեկը անբաւարար լոյսի, գիշերը` շատ լոյսի) եւ գիրութեան միջեւ»,- կ’ըսէ դոկտոր Քիմ:
«Քիչ տուեալներ կային տարեց մարդոց վրայ լոյսի ազդեցութեան մասին,- կ’ըսէ ան: Որովհետեւ տարեց մարդիկ արդէն իսկ ունին սրտանօթային հիւանդութիւններու մեծ վտանգ, մենք կ’ուզէինք գիտնալ, թէ որքա՛ն յաճախ տարեցները կ’ենթարկուին «գիշերային լոյսի» ազդեցութեան, եւ արդեօք գիշերային լոյսը փոխկապակցուա՞ծ է սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգի գործօններուն հետ»:
Սակայն խոր մթութեան մէջ չքնանալը միայն տարեց մարդոց առողջութեան վրայ չէ որ կ’ազդէ:
«Մեր խումբին կողմէ կատարուած նախորդ ուսումնասիրութեան մէջ նոյնիսկ մէկ գիշերուան ընթացքին թեթեւ լոյսով քնանալը բարձրացուցած է սրտի զարկերու յաճախականութիւնը եւ արեան կլիւքոզի մակարդակը երիտասարդ, առողջ մեծահասակներու մօտ, որոնք ներկայացած են տարրալուծարան` գիշերային այս փորձարկման համար»,- բացատրեց դոկտոր Քիմ:
Շուէտի Ուփսալա համալսարանի քունի փորձագէտ դոկտոր Ճոնաթան Սիտրնես, որ չէր ներգրաւուած երկու ուսումնասիրութիւններու աշխատանքներուն մէջ, «Մետիքլ Նիուզ Թուտէյ»-ին ըսաւ. «Տարեց մարդոց մօտ նման պարագայ նկատուելու փաստը կրնայ ներկայացնել նման մեքենական յարաբերութիւններու կուտակային ազդեցութիւնը: Այլ իմաստով, գիշերային լոյսի ազդեցութեան սրտանօթային նիւթափոխանակութեան (cardiometabolic) բացասական ազդեցութիւնները կրնան ժամանակի ընթացքին աւելի ակնյայտ դառնալ»:
ԿԻՐԱՌԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ի տարբերութիւն խումբի նախորդ հետազօտութեան, նոր հետազօտութիւնը դիտարկած է «գիշերային լոյս»-ի իրական ազդեցութիւնները` հետեւելով 552 տարեց տղամարդոց եւ կիներու քունին:
«Սոյն հետազօտութեան ընթացքին մենք չափած ենք լոյսի ազդեցութիւնը եւ քունի որակն ու տեւողութիւնը տարեցներու (63-84 տարեկան) մօտ եօթը օրուան ընթացքին` օգտագործելով դաստակի սարք մը: Այս տարեց մարդիկը «քունի տարրալուծարան» բերելու փոխարէն` մենք տուեալներ հաւաքած ենք իրենց սովորական միջավայրէն»,- ըսած է դոկտոր Քիմ:
Անոնք պարզած են, որ այս տարեցներու կէսէն նուազը քնացած է մութ սենեակի մէջ` առնուազն հինգ ժամ:
«Մենք անկեղծօրէն զարմացանք, երբ պարզեցինք, որ տարեցներու կէսէն աւելին գիշերը լոյսի ներքոյ կը քնանայ,- ըսաւ դոկտոր Քիմ: Մեծահասակները, որոնք քնացած ժամանակ լոյսի ներքոյ կը քնանային, սովորաբար կ’ենթարկուէին թեթեւ լոյսի»:
Գիտնականները պարզած են, որ արեան գերճնշման զարգացման հաւանականութիւնը մեծցած է 74 տոկոսով, գիրութիւնը` 82 տոկոսով, իսկ շաքարախտը` 100 տոկոսով: Մասնակիցները նաեւ քննութիւն կատարած են քոլեսթերոլի, սակայն տարբերութիւն չէ նկատուած:
Քունի ժամանակ լոյսի խանգարիչ այս ազդեցութեան որպէս պատճառ` հետազօտութիւնը կը թուարկէ երեք գործիքակազմեր.
– Լոյսը մարմնի սիրքատային կշռոյթի կամ կենսաբանական ժամացոյցի հիմնական համաժամադրիչն է (synchronizer): Քունի ժամանակ լոյսը կրնայ խաթարել այս կշռոյթը եւ, հետեւաբար, նոյն ձեւով` ժամացոյցի հետ կապուած որեւէ ֆիզիքական գործընթաց:
– Խոզակաձեւ գեղձը (pineal gland) մթութեան շրջանին կ’արտադրէ եւ կ’արտածորէ մելաթոնինը` «մթութեան հորմոնը»: Լոյսը կրնայ նուազեցնել մելաթոնինի նիւթափոխանակութեան եւ արեան շրջանառութեան գործառոյթը` իր հակաօքսիտային, հակաբորբոքային եւ անօթները լայնցնելու յատկութիւններով: Մելաթոնինի ցած մակարդակը փոխկապակցուած է կիներու մօտ շաքարախտի մեծ վտանգի եւ երիտասարդ կիներու մօտ` արեան գերճնշման:
– Լոյսը կրնայ աշխուժացնել ինքնավար ջղային համակարգի համակրական (sympathetic) թեւը: «Առողջ քունի» ժամանակ պայքարի կամ փախուստի (fight or flight) արձագանգներու պատասխանատու այս համակարգը կը հանգստանայ` դանդաղեցնելով սրտի զարկերը եւ շնչառութիւնը` ձգելով զանոնք հարահամակրական (parasympathetic) վիճակի մէջ:
Արդեօ՞ք գիշերային աւելի շատ լոյսի ենթարկուողը կ’ունենայ հիւանդութեան մեծ վտանգ. դոկտոր Քիմ այս հարցումին պատասխանեց` ըսելով.- «Մենք գտանք աւելի ուժեղ հնարաւոր կապ մը գիրութեան եւ շաքարախտի հետ կապուած` անհատը գիշերները աւելի շատ լոյսի ազդեցութեան ենթարկուելու պարագային: Յոյսով ենք, որ այս բացայայտումը կը հաստատենք աւելի լայն շրջանակ ներառելով ապագայ ուսումնասիրութիւններուն մէջ»:
ՔՆԱՆԱԼ` ԱՒԵԼԻ ԱՌՈՂՋ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մինչ մենք այստեղ այս կապակցութենէն զատ որեւէ բան չենք կրնար եզրակացնել, ես կոչ կ’ուղղեմ բոլորին` փորձելու խուսափիլ գիշերային լոյսի աղբիւրներէ կամ նուազագոյնի հասցնել զանոնք, եթէ կարելի է այդ մէկը,- խորհուրդ տուաւ դոկտոր Քիմ:
– Այդ մէկը կրնայ ըլլալ այնքան պարզ` քնացած վայրին մէջ ելեկտրոնային սարքեր չօգտագործելով եւ քնացած ժամանակ ակնակապով լոյսի մուտքը արգիլելով:
Այնուամենայնիւ, դոկտոր Քիմ նախազգուշացուց.- «Եթէ մարդոց ապահովութեան համար անհրաժեշտ է գիշերային լոյս օգտագործելը, անոնք պէտք է փորձեն զայն կարելի եղածին չափ մօտ պահել գետինին, որպէսզի նուազագոյնի հասցնեն անոր մուտքը դէպի աչքեր: Եթէ գիշերը բաղնիք մտնելու կարիք ունին, իսկ լիակատար մթութեան մէջ քալելը վտանգաւոր է, փորձեն օգտագործել թեթեւ լոյս մը` ամենակարճ անհրաժեշտ ժամանակահատուածին»:
Պարզ է նաեւ, որ քնացած ժամանակ լոյսի գոյնն ալ կարեւոր մէկ գործօն է:
«Ես խորհուրդ կու տամ օգտագործել սաթի կամ կարմիր լոյսը գիշերային լոյսի համար` կապոյտ լոյսին փոխարէն: Սաթի կամ կարմիր լոյսը աւելի երկար ալիքի երկարութիւններ ունի, ուստի աւելի քիչ կը խանգարէ մեր սիրքատային ժամացոյցը, քան` աւելի կարճ ալիքի երկարութեամբ լոյսերը, ինչպիսին է կապոյտ լոյսը», բացատրեց դոկտոր Քիմ:
«Որոշ մարդիկ ստիպուած են աշխատելու գիշերը,- աւելցուց դոկտոր Սիտրնես,- եւ պէտք է քնանան ցերեկին: Կան նաեւ լոյսը արգելափակելու ձեւեր, օրինակ` ակնոցներու յատուկ զտիչներ»:
Ան աւելցուց.- «Լոյսի ազդեցութեան հակազդելու համար մեզի պէտք են նոր մեթոտներ ու աւելի շատ ուսումնասիրութիւններ` նուազեցնելու համար սրտանօթային այս հիւանդութիւններու վտանգը»:
Աղբիւր` Medical News Today
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ