ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ՝ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԵՒ ԱՅԼ ՀԻՒԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ՄԻՋՈՑ
Փօլիֆենոլները (polyphenols) կամ ֆենոլային բաղադրութիւնները բուսական ծագումով բնական բաղադրութիւններ են, որոնք օժտուած են հակաօքսիտային յատկութեամբ։ Փօլիֆենոլները կարելի է բաժնել 4 խումբի՝ ֆլավընոյտներ, սթիլպիններ, լիկնաններ, ֆենոլաթթուներ, որոնք իրենց կարգին կը բաժնուին տարբեր ենթախումբերու։ Իբրեւ կանոն, սննդաթերքները կը պարունակեն փօլիֆենոլներու բարդ բաղադրութիւններ, իսկ բոյսերու արտաքին շերտերուն՝ կեղեւին մէջ անոնց պարունակութիւնը աւելի բարձր է։ Փօլիֆենոլները պատասխանատու են պտուղներու,…