ՄԱՔՐՈՊԻՈԹԻՔ ԱՌՏՆԻՆ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑՆԵՐ (Home Remedies)

ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Մաքրոպիոթիք ակնոցով՝ ուտելիքն է հիւանդութիւններու գլխաւոր պատճառը. նոյն տրամաբանութեամբ՝ ուտելիքներու մէջ կը կայանայ նաեւ անոնց դարմանն ու բուժումը: Մաքրոպիոթիք դեղամիջոցները կը մեկնին «Եին-Եանկ»ի հաւասարակշռութեան սկզբունքէն եւ կը հիմնուին տիեզերական ընդհանուր համակարգի օրինաչա-փութեան հասկացողութեան վրայ: Այդ ի-մաստով, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, Մաքրոպիթիքը կը դիմէ բնական (ոչ-քիմիական) կամ ճարտարարուեստական ուտելիքներու՝ ըստ պարագայի նկատի ունենալով իւրաքանչիւր անհատի…

ՄՈՒԹԸ

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Ժամանակին՝ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, գիշերները իսկապէս մութ եղած են: Իսկ մութ կը նշանակէր խաւար: Հակառակ որ արեւը դեռ եւս կը շարունակէ մար մտնել ամէն իրիկուն, բայց եւ այնպէս, այսօրուան դրութեամբ, մութ գիշեր գոյութիւն չունի այլեւս, որովհետեւ ենթակայ ենք արհեստական լուսաւորման, եւ ասիկա կրնայ որոշ առողջական խնդիրներ յառաջացնել: Ելետրական լոյսի ներմուծումէն…