ԱՐԺԱՆԻ ՅԱՐԳԱՆՔ ԲԱԶՄԱՀԱՐԻՒՐ ԼՕԽ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ «ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է ԼՕԽ-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւնը…