ՔԱԼՍԻՈՒՄԸ՝ ՕՐԿԱՆԻԶՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՂԱԴՐԻՉ

Մարմնի առողջութիւնը կախեալ է նաեւ սնունդի որակէն։ Ոսկորներու առողջութեան պատասխանատուն քալսիումն է, որ կը մասնակցի օրկանիզմի կարեւորագոյն գործընթացներուն: Քալսիումի մեծ պաշարներ կան կաթի, պանիրի, մածունի, ընկուզեղէնի, ձկան, սերմերու եւ ընդեղէններու, հացահատիկներու, նուշի, կանաչ ոլոռնի, նարնջի հիւթին մէջ: Դուք քալսիումի պակաս ունիք, եթէ ձեր մկանները կը ցաւին: Նախանշաններ են նաեւ արեան բարձր ճնշումը, նախադաշտանային ցաւերը, օսթէոփորոզը,…