ԱՐՏԱՔԻՆ ԱԿԱՆՋԻ ԸՆԴՈԾԻՆ ՏՁԵՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Արտաքին ականջի ընդոծին տձեւութիւնները, համաձայն իրենց տարողութեան, կը յառաջացնեն որոշ աստիճանի լսողութեան տկարութիւններ: Արտաքին ականջի տձեւութիւնները հասկնալու համար հարկ է որ հասկնանք անոր կազմաւորումը: Յղութեան ընթացքին, սաղմի կազմաւորման հետ տեղի կ՚ունենայ ականջի կազմաւորումը, աճը եւ զարգացումը: Ականջի կազմաւորումը փուլային է: Ան կը սկսի յղութեան երրորդ շաբաթը եւ իր լրումին կը հասնի յղութեան…