ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԾԽԱԽՈՏԸ (e-cigarettes) ՆՈՅՆՔԱՆ ՎՆԱՍԱԿԱՐ Է

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Ելեկտրական ծխախոտներըը ծանօթ են նաեւ ե-ծխախոտ անուան տակ, նախատեսուած են փոխանցելու նիքոթին, համ եւ այլ նիւթեր՝ շոգիի տեսքով՝ ընդօրինակելով սովորական ծխախոտը: Սորվորաբար կազմուած են ելեկտրական բարդով (battery) եւ փոխարինուող խցիկով (cartridgeով), որ կրնայ պարունակել նիքոթին կամ քիմիական այլ նիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ ցանցրիչով, որ տաքնալէ ետք քարթրիճին պարունակութիւնը կը վերածէ շոգիի: Այդ շոգին կը…