ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ ՄԻՆՉԵՒ ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ

ՈՍԿԱՆ ԱԲԵՂԱՅ ԳԱԼՓԱԿԵԱՆ Մեր մատենագրութեան մէջ, հայ բժիշկներու մասին բաւական քիչ տեղեկութիւններ կան, սակայն Հայաստանի նման բարձր մշակոյթ ունեցող երկիրի մը համար, անկասկած պէտք էր ըլլային նաեւ մասնագէտ բժիշկներ: Հայ բժիշկի մը մասին առաջին անգամ կը խօսին ասորի նեստորական պատմիչները: Արձանագրելով 612-613 թուականներուն Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած նեստորականներու եւ միաբնակներու միջեւ պատահած վիճաբանութեան պատմութիւնը, անոնք…