ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՈՍԿՐԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

ՍՆՆԴԱԳԷՏ ՄԱՐԻԱ Գ. ՏԱԳԷՍԵԱՆ Զօրաւոր ոսկորները նոյնքան կարեւոր են տղամարդոց, որքան կանանց համար: Ձեր մարմինը կարիքը ունի կրածինի (calcium), «Տի» կենսանիւթի, այլ կարեւոր սնուցիչ նիւթերու, հետեւողական ֆիզիքական վարժութիւններու, որպէսզի ոսկորները զօրաւոր եւ կարծր մնան: Մանկութեան ընթացքին բաւարար քանակով կրածին չստանալը կրնայ յառաջիկային պատճառ դառնալ ոսկրափխրումի, հիւանդութիւն մը, որով ոսկորները կը տկարանան եւ դիւրութեամբ կը կոտրուին:…