ՆԻՀԱՐՆԱԼՈՒ ՆՊԱՍՏՈՂ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աւելորդ կշիռքէ խուսափելու կամ անիկա բնական սահմաններուն մէջ պահելու համար, մարդիկ յաճախ բաւական լուրջ ճիգ կը թափեն, մինչդեռ գերմանացի մասնագէտներ կը վստահեցնեն, որ կան առօրեայ սովորութիւններ, որոնք կը նպաստեն հասնելու փափաքելի արդիւնքի, առանց մեծ ջանքերու: Մասնագէտներ լուսարձակի տակ կ՚առնեն 6 սովորութիւն, որ կը պաշտպանէ աւելորդ կշիռքէ: Առողջ քուն Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ մարդիկ կը…