ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ. ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Բժիշկները եւ ընկերաբանները մտահոգուած են՝ տարուէ տարի մեծնալը տեսնելով անձնասպանութիւն գործողներուն թիւին: Հոգեբանական այս աղէտին մասին կատարուած են որոշ հաստատումներ: Դիտուած է որ խաղաղութեան շրջանին, անհատական մտահոգութիւնները կը գերակշռեն՝ հաւաքական մտահոգութիւններուն վրայ. պատերազմներու ընթացքին, անձնասպանութիւններու թիւը էջքի մէջ է: Ինքնասպաններուն երեք քառորդը այրեր են ու մէկ քառորդը՝ կիներ: Ինքնասպանները աւելի հարուստ ու միջակորեար դասակարգէն են,…