ԼԵԱՐԴԸ ՄԱՔՐԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

  Լեարդը մարդկային մարմինի մեծագոյն օրկանն է եւ մասնաւորաբար անոր պատշաճ աշխատանքէն կախեալ է մարդուն առողջութիւնը: Լեարդին շնորհիւ մարդկային մարմինէն դուրս կը բերուին աւելորդ թոյները, որոնք ներթափանցած կ՚ըլլան սնունդին, օդին եւ մորթին միջոցով: Լեարդը մեր օգտագործած սննդարար տարրերը կը վերածէ ջերմուժի եւ մկանային զանգուածի, ինչպէս նաեւ՝ կ՚օգնէ վիթամիններու իւրացման ու կը կարգաւորէ ճարպերու կուտակումը: Գոյութիւն…