Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ ՉԷ ՈՒՏԵԼ ԵՒ ԽՄԵԼ՝ ՊԱՐԱՊ ՍՏԱՄՈՔՍՈՎ
Առաւօտեան նախաճաշը շատ կարեւոր է իւրաքանչիւրիս համար, սակայն յաճախ մարդիկ սխալ բան կ՚ընտրեն նախաճաշելու համար: Կան ուտելիքի տեսակներ, որոնք ոչ մէկ պարագայի կարելի է ուտել պարապ ստամոքսով, որովհետեւ անոնք կրնան տհաճ հետեւանքներ ունենալ: Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք անոնցմէ մէկ քանին: Մածուն Այս ուտելիքը կը նկատուի փրոպայոթիքներու՝ օգտակար պաքթերիաներու հրաշալի աղբիւր, որոնք կը բարելաւեն մարսողութիւնը եւ…