ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ ԱԿՆԱԲՈՒԺԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԷՋ

  Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF) Աքպաքրետիթ ԱԿՐԻՔՈԼ (ACBA-CREDIT AGRICOLE) դրամատան աջակցութեամբ  Տաւուշի մարզին մէջ իրականացուցած է «Ակնոցներ Հայաստանի համար» բարեգործական, առողջապահական ծրագիրը: Ինչպէս կը յայտնէ նշեալ դրամատունը, չորրորդ տարին անընդմէջ դրամատան աջակցութեամբ UMAF-ի բժիշկները իրենց հետ հայրենիք բերած են մեծ թիւով ակնոցներու ոսպնեակներ, տարրալուծական եւ ակնաբուժական սարքեր` տեղւոյն վրայ ստուգելով մանուկներու տեսողութիւնը ու հարկ եղած…