ԱՖՀԻԼ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ 150 ՄԻԼԻՈՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՍԿԻՈՎ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆԵՑԱՒ 142 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ, 120 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Տարիներու իր մարդասիրական, հայօգնութեան ծառայութեան ծիրին մէջ, աւանդութեան վերածուած քայլով մը, այս տարի եւս Լիբանանահայ իրերօգնութեան սնտուկը, որ աւելի ծանօթ է ԱՖՀԻԼ անունով, Չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ կազմակերպած իր հաւաքով դարձեալ եկաւ հաստատելու, որ նեցուկ է հայ աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ հայկական հաստատութիւններու: Ձեռնարկին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան…