ՄՇԱԿՈՒԱԾ ԱԾՈՒԽԻ (ACTIVATED CHARCOAL) ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

1831-ին Ֆրանսացի դեղագործ՝ Թուերին, ապշեցուց Ֆրանսայի Բժշկական Աքատեմիի իր գործակիցները, երբ մեծ քանակութեամբ թունաւոր նիւթ մը՝ Սթրիքնին խմեց բոլորին դիմաց: Զարմանալիօրէն, ո՛չ մէկ թունաւոր ազդեցութիւն զգաց: Ան մահացու այդ թոյնը խառնած էր մշակուած ածուխի հետ…: Այսօր, մշակուած ածուխի առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է իւրաքանչիւր հիւանդանոցի համար, իբրեւ արագ, արդիւնաւէտ եւ ապահով հակաթոյն ամէն տեսակի թոյներու նկատմամբ: Շատ…