ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐՆԵՐ

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ Ի սկզբանէ բժիշկները եղած են ամենուրեք,- մեհեաններու մէջ ու բագիններու վրայ, լիճերու մէջ ու լեռներուն վրայ, նոյնիսկ երկընքին մէջ ու դժոխքի: Բժիշկները բոլոր ժողովուրդներուն մէջ յայտնուած են, ու ներկայացուած են զանազան կերպարանքներու, պաշտօններու եւ արհեստներու մէջ: Անոնք մերթ աստուած են, մերթ քուրմ, մերթ կախարդ, մերթ վհուկ, մերթ սուրբ, մերթ փրկիչ ու միշտ փոսապեղ:…