ԽԱՂՈՂԸ
ՏՈՔԹ. Յ.Գ. Ամառուան բարիքներն են պտուղները: Իւրաքանչիւր պտուղ ունի իր օգտակարութիւնները: Սակայն մարդկային մարմնին համար ամէնէն կենսատուն խաղողն է անկասկած: Խաղողին սննդական արժէքը կը կայանայ, ամէնէն աւելի, իր պարունակած շաքարի քանակութեան մէջ: Այս ուղղութեամբ թուզը միայն կրնայ մրցիլ խաղողին հետ: Երկու պտուղներուն բաղադրութեան մէջ 15-30 տոկոսով շաքարի ներկայութիւնը սովորական է, մինչդեռ պանանը օրինակ, հազիւ՝ 10,…