ՄԱԶԵՐՈՒ ՆԵՐԿԵՐԸ Կ՚ԱՒԵԼՑՆԵ՞Ն ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՎՏԱՆԳԸ

Գիտնականներու համաձայն, այն կիները, որոնք կանոնաւոր եւ անընդհատ կերպով կ՚օգտագործեն ներկեր եւ քիմիական նիւթեր մազերու համար, աւելի բարձր համեմատութեամբ ենթակայ են կրծքագեղձի քաղցկեղ զարգացնելու վտանգին, քան այն կիները, որոնք չեն օգտագործեր այդ արտադրութիւնները: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակած է International Journal of Cancer պարբերականը: Առողջութեան ազգային հիմնարկի անդամ ամերիկացի գիտնականներ վերլուծած են 46 հազար 709 կիներու տուեալները,…