ՄԱՄՈԿՐԱՖԻԻ ԱՆՎՃԱՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Կանխազգուշական քննութիւններ կատարելու նպատակով, Հայաստան ձեռք բերած է «մամոկրաֆի»-ի շարժական սարք մը: «Առաջին կանգառը կ՛ըլլայ Լոռիի մարզին մէջ, ուր բնակչութեան համար կրծքագեղձի անվճար քննութիւններ կը կատարուին»,- յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: Միւս կողմէ, աւելցուց նախարարը, որ Հայաստանի մարզերուն մէջ, առողջութեան պահպանութեան առաջնահերթ ծառայութիւններու բարելաւման նպատակով՝ ապահովուած են անմիջական բժշկական օգնութեան իրեղէններով օժտուած 620 պայուսակներ, որոնց…