ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԻՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ

Ռուսական Օժանդակութեան Ծրագրի ծիրին մէջ, աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի մէջ Սիտայի (ՀՀ ԱՆ ՁԻԱՀ) կանխարգիլման կեդրոն այցելած են Ռուսիոյ Ռոսբոթրեպնադծոր (Rospotrebnadzor) Համաճարակաբանութեան Կեդրոնական Գիտահետազօտական Հիմնարկի՝ HIV վարակի եւ ժահրային լեղաբորբի ախտորոշման նոր մեթոտներու մշակման խումբի ղեկավար Տիմիթրի Քիրեւը եւ նոյն հիմնարկի գիտական աշխատող Ալինա Քիրիչենքօն: Այցելութեան ընթացքին քննարկուած են միասնաբար իրականացուող գիտահետազօտական 4 աշխատանքներէն 2-ը: Ընդգծենք,…