ՊԱՆԱՆԸ

ՏՈՔԹ. Յ.Գ. Պանանին օգտակարութեան մասին հակասական կարծիքներ կը տիրեն ժողովուրդին մօտ: Ոմանք դժուարամարս եւ պնդութեան պատճառ կը նկատեն ու բերան չեն դներ զայն: Ուրիշներ, գնահատելով հանդերձ համն ու սննդական արժէքը՝ միայն մէկ կամ երկու հատ կ՚ուտեն անկէ, ճաշէն ետք: Կեդրոնական Ամերիկայի, Ովկիանիոյ կղզիներէն շատերուն, Ափրիկէի եւ Ասիոյ հասարակածային շրջաններուն մէջ, ժողովուրդին կենսական սնունդն է պանանը,…