ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓԱՐՔԻՆՍԸՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ստորեւ Փարքինսն հիւանդութեան մասին քանի մը հետաքրքրական տուեալներ: Փարքինսընը քրոնիք է, բայց մահացու հիւանդութիւն չէ Փարքինսընը քրոնիք հիւանդութիւն է, որ կ՚ախտահարէ ուղեղին մէջ տոփամին արտադրող ջղաբջիջները (neuron): Այս նիւթին պակասը կ՚առաջացնէ շարք մը ախտանշաններ, ինչպէս՝ դողոց, շարժումներու դանդաղեցում, կաշկանդուածութիւն եւ անկայունութիւն: Հակառակ անոր որ անիկա ծանր հիւանդութիւն մըն է, սակայն մահացու չէ, կը յայտնէ Ճոն…