ՀԱՐՑԵՐ ԿԱՊՈՒԱԾ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ (Բ. ՄԱՍ)

ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ «Զգոյշ»-ի նախորդ թիւերէն մէկուն մէջ (Զ. տարի, թիւ 1, 2020) անդրադարձած էի իմաստութեան ակռաներուն հետ կապուած կարգ մը հարցերու՝ խոստանալով հետագային ուրիշ յօդուածով մը անպայման շարունակել զանոնք: Նախորդ յօդուածին մէջ ներկայացուած հարցերն էին՝ ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները, ի՞նչու այս ակռաները կը կոչուին «իմաստութեան ակռաներ», ի՞նչ է իմաստութեան ակռաներուն դերը բերանին մէջ, ի՞նչ…