ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ՄԷԿ ՏԱՐԵԿԱՆ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Տարի մը առաջ, 26 յունուար 2020-ին, գրած էի պսակաձեւ ժահրի` Չինաստանի մէջ յայտնաբերումին եւ անոր վտանգաւոր զարգացումներուն մասին: Այդ գրութեամբ անդրադարձած էի պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեան պատմականին եւ անակնկալ, արագընթաց ու վտանգաւոր համաճարակի վերածուելու հաւանականութեան: Նոյնիսկ հաստատած էի, որ մարդկութիւնը կը գտնուի առողջապահական աննախընթաց պատերազմի մը` «Երրորդ համաշխարհային պատերազմի» առջեւ: Այդպէս եղաւ եւ…